Փետրուար 20-ին կայանալիք ԼՂՀ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէի առիթով Արցախ պիտի ժամանեն մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ:
Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Սերկէյ Մելքումեանը եւ նշած, որ միջազգային դիտորդներու եւ լրագրողներու ժամանումը կը նախատեսուի Փետրուար 19-ին:
«Այժմ տեղական դիտորդներու արձանագրութեան աշխոյժ փուլ կ՛ընթանայ: Արդէն մօտ 70 դիտորդներ ու լրագրողներ արձանագրուած են: Դիտորդական մեծ խումբեր ունին «Ազատ հայրենիք», «Արցախի ժողովրդավարական» եւ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնները»,- մանրամասնած է Ս. Մելքումեանը եւ աւելցուցած, որ դիտորդներու արձանագրութիւնը կը շարունակուի:
Արցախի սահմանադրական հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու համար Փետրուար 19-21 Ստեփանակերտ պիտի գործուղուի ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ԱԺ պատգամաւորներ Գագիկ Մելիքեանը, Լէօւա Խաչատուրեանը, Կարէն Շախմուրատեանը, Վահրամ Մկրտիչեանը, Ալեքսանտր Արզումանեանը, ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Պապայեանը:






