Տնտեսական ազատութեան 2017 թուականի ցուցանիշով՝ Հայաստանը, 180 երկիրներու շարքին, 70.3 միաւորով յայտնուած է 33-րդ տեղը` ընդգրկուելով Առաւելապէս ազատ երկիրներու խումբին մէջ: Այս մասին հրապարակուած է The Heritage Foundation-ի մէջ:
Նախորդ տարուան արդիւնքներուն համեմատ՝ Հայաստանի դիրքը բարելաւուած է 21 տեղով` Եւրոպայի խումբին մէջ ընդգրկուած 45 երկիրներու ցանկին մէջ յայտնուելով 19-րդ տեղը, միաժամանակ պահպանելով առաջատար դիրքեր ԱՊՀ երկիրներու շարքին:
Սեփականութեան իրաւունքներու բաղադրիչով արձանագրուած է միաւորի 35.5-ով առաջընթաց, իսկ Կառավարութեան ընդելուզուածութեան մակարդակով` 6.4-ով, որ լաւագոյն արդիւնքն է ԱՊՀ երկիրներու ցանկին մէջ:
ԱՊՀ երկիրներու շարքին Հայաստանը առաջատար է նաեւ ներդրումային, գործարար, ելեւմտական ազատութիւններու բաղադրիչներով:
Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը իր վարկանիշով կը զիջի միայն 13-րդ հորիզոնականին յայտնուած Վրաստանին:






