*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Կնճռոտ հարցեր… որքան որ ուզենք, անթիւ, անհամար. «Ազատն Աստուած այն օրից երբ հաճեցաւ շունչ փչել»-էն ասդին, այդ օրէն սկսեալ անձնական, ընտանեկան, ազգային, կրօնական եւ … տարածքային. ո՛վ ինչ կրնայ աւելցնել տակաւին, իր իրաւունքն է, քանի որ ամէն ոք յատուկ ըլլալուն՝ իր սեփական օրէնքներով կ’առաջնորդուի:
Մարդը ի՛նքն է կնճռոտ, քանի որ ունի բանակութիւն ես-ի ծածկոյթով: Տկարը միշտ ալ ենթակայ եղած է` անհատաբար թէ հաւաքաբար: Բնութեան ճիրաններէն խուսափիլ անհնար է. եւ սակայն միշտ ալ փորձեր կը կատարուին ընկերութիւնը մէկ հասարակ յայտարարի տակ ընդգրկելու, հուսկ, սահմանուած են օրէնքներ, նուրբ, մտածուած ու արձանագրուած եւ նոյնիսկ ընդունուած, որպէսզի չծագին այլ բարդութիւններ, իսկ եթէ հաստատուին տուեալ օրէնքները, ժամանակի ընթացքին այլ եւ այլ պատճառներով, մանաւանդ պատերազմներու, փոփոխութեան կարիքը կը զգացուի ու ահա կնճիռ մը կ’աւելնայ ու հինի եւ նորի պայքարը կը ծագի, որ կրնայ առաջնորդել նայած պայմաններուն եւ պարագաներուն, յեղափոխութեան, որմէ՝ յեղաշրջումի որմէ պիտի յառաջանան այլ կնճիռներ ու այսպէս, այնքան ատեն որ կեանքը կը շարունակուի, կնճռոտ հարցեր անպակաս պիտի ըլլան, երբեմն նոյնիսկ դիտումնաւոր:
Առինք առանձին պարագայ մը միայն… իսկ եթէ տարածուինք ու նկատի ունենանք մեր երկիր մոլորակը լիովին, միթէ կարելի՞ է թուել անոնց տեսակը, գոյնը, մտադրութիւնները, որոնք համաշխարհային պատերազմներու ծնունդ կու տան… կը ծնին նոր շարժումներ, քաղաքական, ընկերային կամ կրօնական, յարանուանական, ինչպէս նաեւ հողային, սահմանային հարցեր, սահմանային փոփոխութիւններ եւ այլն եւ այլն: Եւ մարդ արարածը կնճիռները լուծելու հետամուտ ըլլալուն, օրէնքներ կը մշակէ, կը գրառէ, հուսկ՝ կը պատրաստէ գործադրութեան ու այդ գործադրութեան ընթացքին ալ, ա՛յլ կնճիռներ:
Գործնական խօսելով, պատերազմները բնական երեւոյթներ են եւ ծագումն ալ այնքան հին ու բնական` որքան մարդն է հին: Սակայն, հասնելով մակարդակի մը, հազարամեակներու ընթացքին, հասնելով քսաներորդ դար, ՄԱԿ-ի կազմաւորումով, Ապահովութեան խորհուրդի գոյութեամբ, կը փորձուի զսպել անզսպելի կիրքերը, որոնք կը յայտնաբերուին պատերազմներով: Այդ մէկը լաւ գիտենք, բայց պատճառներն ու լուծո՞ւմը… ահա կնճռոտ հարց մը:
Հասանք տաք կէտին:
Ի՜նչ սրամիտ է մարդկային խաբէութիւնը:
Միջազգային այլ օրէնքներու հետ, կան նաեւ երկու օրէնքներ ընդունուած. մին՝ սահմանային անփոփոխելիութիւնը, եւ միւսը՝ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:
Հայաստան եւ Ազրպէյճան անցեալ տարի ստորագրեցին սահմանային անփոփոխելիութեան օրէնքը:
Ո՞ւր մնաց Արցախի ինքնորոշումը:
Օրէնքներ հարցեր լուծելո՞ւ, թէ՝ բարդացնելու:
Այս ալ «Մեծ»երու խաղերէն մին:
Ո՞վ չի գիտեր կատուի իրաւարարութեան պատմութիւնը…
Ասոր վրայ կ’աւելնան հայու ինքնատիպութեան կնճիռները, կ’աղօթենք միասնութեան համար, քանի որ այդպէս չենք, կը գրուի արտագաղթի անզսպելիութեան մասին, քանի որ անկարող ենք:
Բայց կը սիրենք արուեստը ու կ’երգենք… ու կ’անցնինք Սասուն, կը հասնինք Վան… սրահներու մէջ կամ խնճոյքի սեղաններու շուրջ: Իսկ եթէ հասնինք Եդեսիա կամ՝ նոր անունով Ուրֆա, կ’ուզեմ տեսնել մեծ հօրս տունը…