Սահմանադրական հանրաքուէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ չի կրնար ազդել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն վրայ: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փետրուար 20-ին, ԼՂՀ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ սահմանադրական հանրաքուէ: Սահմանադրութեան նոր նախագիծը կ՛ենթադրէ անցում կառավարման նախագահական ձեւին: Ըստ գործող 2006-ի սահմանադրութեան, ԼՂՀ-ն այժմ կիսանախագահական երկիր է:
«Մենք չենք ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն: ԼՂ կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական բանակցութիւններու ճանապարհով Մինսկի գործընթացի ծիրէն ներս»,- կ՛ըսուի ՌԴ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:
«Ի դէպ չենք կարծեր, որ խաղաղ կարգաւորման ընթացքը կախուած է վերոնշեալ սահմանադրական հանրաքուէէն»,-ըսած են ԱԳՆ-էն:
ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները, Արցախի մէջ, Փետրուար 20-ին կայանալիք Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի արդիւնքները չեն ընդունիր: Այս մասին անոնք յայտարարած են Միւնիխի մէջ՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպման արդիւնքներով տարածած յայտարարութեան մէջ:






