Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Արամ Աթէշեան Եւ Սահակ Մաշալեան Պիտի Այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան պիտի այցելեն Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածին: Այս մասին «Արմենփրես»-­ի յայտնած է «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան:

«Յաջորդ շաբաթուան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, Երեքշաբթի օրը, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան պիտի ըլլան Էջմիածին: Զանոնք պիտի ընդունի Վեհափառ Գարեգին Բ․ հայրապետը: Կու գան Էջմիածին իրենց յարաբերութիւնը կաթողիկոսի օրհնութեամբ թարմացնելու: Անոնք Սուրբ Էջմիածինի մէջ պիտի աղօթեն իրենց եղբայրութեան համար»,- ըսած է Ա․ Գոչունեան:

Անոր խօսքով, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի միջեւ ստեղծուած ճգանաժամը լուրջ խոչընդոտի կրնայ վերածուիլ։ Անիկա կարելի եղաւ կասեցնել, այդ գործին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Ամբողջ ընթացքին Ամենայն հայոց Վեհափառ Հայրապետը իրենց հետ կապի մէջ եղած է, իր հայրապետական յորդորը փոխանցած է այն մասին, որ կասեցնեն վէճի զարգացումը եւ վերադառնան աշխատանքային վիճակի:

Անդրադառնալով պատրիարքի ընտրութիւններու հարցին` Արա Գոչունեան նշած է, որ Փետրուար 16-­ին, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան համայնքային առաջատար գործիչներ: Խորհրդակցութեան նպատակը այն էր, որ Արամ Աթէշեանի եւ Սահակ Մաշալեանի միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը հարթուի: Հանդիպման հրաւիրուած է նաեւ Սահակ Մաշալեան: Հանդիպումին  ծաւալած են քննարկումներ, անոնք յաջողած են շրջանցել իրենց միջեւ ծագած ճգնաժամը:

Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Արամ եկիպոսկոպոս Աթէշեանը պիտի շարունակեն աշխատանքը իրենց պաշտօններուն մէջ: Հանդիպման նաեւ անդրադարձած են հաւանական ժամկէտներուն: «Ներկայացուած են քանի մը գաղափարներ պատրիարքի ընտրութեան հաւանական օրուան հետ կապուած: Պատրիարքի ընտրութեան օրը հիմա չի կրնար որոշուիլ: Թուրքիոյ մէջ սահամանդրական հանրաքուէէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 16-­ին, դիմում պիտի ներկայացուի իշխանութիւններուն պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու համար: Ատիկա իրազեկման համար է` սպասելով իշխանութիւններու արձագանգին, որպէսզի այդ գործընթացին մէջ անոնց հետ համակարգուած աշխատանք կատարուի»,- ըսած է­ Արա Գոչունեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին