ՀՀ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւններու միջեւ «Աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ» օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ 9 փոփոխութեան կնքման առաջարկին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան նշած է, որ կը նախատեսուի 4 միլիոն 800 հազար տոլար լրացուցիչ յատկացում, որուն պարագային ամերիկեան կողմին տրամադրած դրամաշնորհներուն ընդհանուր գումարը՝ համաձայնագիրին ծիրէն ներս՝ կը կազմէ 61 միլիոն 136 հազար տոլար:
«ԱՄՆ ՄԶԳ տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` յատկացուելիք 4,8 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի իրականացուող 6 ծրագիրներու, մասնաւորապէս, «Գործընկերութիւն գիւղական բարեկեցութեան», «Գիւղական զարգացման ընդլայնուած նախաձեռնութիւն», «Մշակութային զբօսաշրջութիւն Հայաստանի մէջ», «Աջակցութիւն Ակրոպիզնէսի ուսուցման կեդրոնին»,- ըսած է Սուրէն Կարայեան:






