Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Փետրուար 20-24 Հայաստանի Մէջ Յայտարարուած է Կրթութեան Որակի Շաբաթ

Մասնագիտական կրթութեան որակի ապահովման ազգային կեդրոնը Փետրուար 20-24-ը կը յայտարարէ կրթութեան որակի շաբաթ:

Արդէն 3-րդ անգամ կազմակերպուող որակի շաբաթուան նպատակն է թէ՛ կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու, թէ՛ ղեկավար օղակներու եւ թէ՛ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել կրթութեան որակի ապահովման վրայ` քննարկելու առկայ խնդիրները, կիսուելու լաւագոյն փորձով եւ ձեւաւորելու ապագայի ընդհանուր տեսլական: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Յառաջիկայ որակի շաբաթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան աշխատաժողովներ նուիրուած ուսանողներու, երիտասարդ դասախօսներու, մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի համապատասխանութեան խնդիրներուն, իսկ շաբաթը պիտի ամփոփուի երկօրեայ համաժողովով, որուն թեման պիտի ըլլայ գնահատման համակարգերու բարելաւումը:

Որակի շաբաթը պիտի սկսի Փետրուար 20-ին` ուսանողներուն նուիրուած աշխատաժողովով:

Ձեռնարկին պիտի մասնակցին ուսանողներ, դասախօսներ, որակի ապահովման պատասխանատուներ, կրթութեան կառավարիչներ եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ: Աշխատաժողովը պիտի դառնայ քննարկման հարթակ` բարձրաձայնուած խնդիրներու էութիւնը հասկնալու եւ լուծման ընդունելի  եւ արդիւնաւէտ ուղիներ որոնելու համար:

Աշխատաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ թեմաները` համալսարանական աղբիւրներու հասանելիութիւնը բոլոր ուսանողներուն` անկախ ուսումնական հաստատութենէ, աշխատաշուկայի պահանջները եւ համալսարանական կրթութեան համապատասխանութիւնը անոնց, մագիստրոսական կրթութեան բացերը, մագիստրոսը իբրեւ հետազօտող մասնագէտ եւ աշխատուժ, համալսարանական կրթութիւն, ինչո՞ւ համար կը վճարէ ուսանողը:

ՈԱԱԿ-ը, կարեւոր համարելով  դասախօսներու դերը որակի ապահովումը լսարան հասցնելու գործին մէջ, Փետրուար 21-ի աշխատաժողովը պիտի նուիրէ երիտասարդ դասախօսներու խնդիրներու քննարկման:

Որակի շաբաթուան երրորդ օրը նուիրուած պիտի ըլլայ մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի (ՈԱՇ) համապատասխանութեան:

ՈԱԱԿ-ը ՏԵՄՊՈՒՍ-ի ALIGN ծրագրի հետ համագործակցութեամբ՝ Փետրուար 22-ին պիտի կազմակերպէ աշխատաժողով, ուր պիտի ներկայացուին ALIGN ծրագիրի ձեռքբերումներն ու առկայ մարտահրաւէրները:

Աշխատաժողովին ընթացքին ուսանողներու, դասախօսներու եւ կրթութեան կառավարիչներու տեսանկիւնէն պիտի քննարկուի կրթական ծրագիրներու բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը: Պիտի շեշտադրուի յատկապէս գնահատման բարելաւումը իբրեւ դասաւանդման արդիւնաւէտութեան գործիք: Ձեռնարկին ընթացքին մասնակիցներուն պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ծրագիրի շահակից համալսարաններու մէջ իրականացուած մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու արտաքին գնահատման արդիւնքները, ՈԱՇ-ի եւ վերջնարդիւնքներու համապատասխանեցման լաւագոյն փորձը,  գործընթացէն քաղուած դասերը:

Աշխատաժողովի աւարտին տեղացի ու միջազգային փորձագէտները, ուսանողները եւ ՈԱԱԿ ներկայացուցիչները առաջարկ պիտի ներկայացնեն կառավարութեան՝ ազգային մակարդակով մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու մասին:

Որակի շաբաթը պիտի ամփոփուի «Որակը լսարանին մէջ` գնահատման համակարգերու բարելաւում» թեմայով  երկօրեայ համաժողովով, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 23-24-ին:

Տարուան ընթացքին ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պիտի մեկնարկէ հաշուեքննութիւն, որ կը միտի մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու բարեփոխուման,  գնահատման համակարգի բարելաւման եւ ոլորտի  ընդհանուր պատկերի յստակեցման: Աշխատաժողովներով անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ «Կրթական ծրագիրներու վերանայում` գնահատման համակարգի բարելաւման ծիրէն ներս», «Դասաւանդման բարելաւում` գնահատման համակարգերու վերանայման միջոցով», «Ուսանողի առաջընթացի ծրագրաւորում. գնահատման դերը» թեմաներուն:

Տեղի պիտի ունենայ շահակիցներու քննարկում «Ինչպիսի գնահատանք կ՝ակնկալէ ուսանողը ուսումնական հաստատութենէն» թեմայով:

Համաժողովին ընթացքին ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտները՝ Մեծ Բրիտանիայէն, Իռլանտայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն եւ Ռուսիայէն պիտի ներկայացնեն կրթութեան որակի ապահովման իրենց երկրի լաւագոյն փորձը:

Պիտի ներկայացուին նաեւ Որակի ապահովման մասնագէտներու եւ աջակիցներու ցանց հիմնելու ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները, պիտի ազդարարուի ցանցի գործունէութեան մեկնարկը:

Համաժողովի ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ ներկայացումներ՝ նուիրուած կրթութեան ոլորտի նորարարութեան, դասաւանդման եւ գնահատման նոր եղանակներու ներդրման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին