*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ, կը կարծեմ, որ Ասթանա 2-ի ձախողութիւնը նախաքայլը պիտի ըլլայ Ռուս-Թրքական անհամաձայնութեան առաւել ուժգին վերադարձին՝ վերջ մը տալով երկու երկիրներուն շինծու մեղրալուսնին:
Ամէն պարագայի լաւ դիտորդի մը համար այնքան ալ աննախատեսելի հարց մը չէ այս, որովհետեւ պատերազմական գետնի վրայ բախումը արդէն իսկ նախորդած էր քաղաքական բախումին:
Վերոյիշեալը հաստատելու եւ աւելի եւս յստակ տեսանկիւն ունենալու համար կ՛արժէ յիշել փոքր շրջան մը առաջ ռուսական օդուժին թրքական զինուորներու վրայ կատարած օդային յարձակումը, որ ատենին բացատրուեցաւ իբրեւ թէ սխալմունքի արդիւնք կամ արկած…:
Պատահակա՞ն թէ դիտաւորեալ արկած… ահա հոս է խնդիրը…:






