Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Պոլսահայ Համայնքը Համաձայնութեան Եկած է․ Նշանակուած է Պատրիարքի Ընտրութեան Օրը

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ, Փետրուար 16-ին, հաւաքուած պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչներն ու հոգեւոր առաջնորդները համաձայնութեան  եկած են հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով, կը գրէ «Նիուզ»-ը:

Հաւաքի աւարտին մասնակիցները ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն, ուր նշուած է, որ պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած վերջին զարգացումները կը տանին բախումներու միջավայր, որ կանխելու համար արք․ Արամ Աթէշեանն ու եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը կողք-կողքի նստելով` մինչեւ ընտրութիւններ խաղաղութիւն ապաhովող արձանագրութիւն պատրաստած են։

Արձանագրութեան մէջ յիշատակուած է, որ Փետրուար 17-ին տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւն, իսկ Փետրուար 18-ին տեղապահի հրաւէրով հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն ու համայնքի անդամներէն 15 հոգինոց ընտրական յանձնաժողով պիտի ընտրուի:

«Փետրուար 20-ին տեղապահն ու յանձնաժողովը պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նամակ պիտի գրեն ու յանձնեն նահանագապետարան: Մինչեւ ընտրութիւնները արք․ Արամ սրբազանը պիտի շարունակէ մնալ փոխպատրիարք:  Ընտրութեան օրը ենթադրաբար պիտի ըլլայ Մայիս 28-ին»,- նշուած է արձանագրութեան մէջ, որուն տակ ստորագրած են պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ օրեր առաջ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական տուած էր` շեշտելով, որ այդ քայլին կ՛երթայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքին պատճառով, քանի որ վերջինս ամէն կերպով կը խոչընդոտէ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին