ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Խնկօ Աբօր անուան ազգային մանկական գրադարանը եւ ՀՀ հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը 2017 թուականի Փետրուար 17-21 կը կազմակերպեն Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 18-ին, ժամը 14:00-ին, Խնկօ Աբօր անուան ազգային մանկական գրադարանի ճեմասրահին մէջ: Տօնավաճառը եւ առնչուող ձեռնարկները պիտի իրականացուին գրադարանի ճեմասրահին, դահլիճին եւ սրահներուն մէջ:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի ներկայացնէ հայաստանեան հրատարակիչներու վերջին տարիներու լաւագոյն հրատարակութիւնները, յատկապէս` մանկապատանեկան ոլորտի գրականութիւնը: Հնգօրեայ տօնավաճառին ընթացքին կը նախատեսուին պտոյտներ, հեքիաթապատումներ, խամաճիկներու դիտումներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, ընթերցանութիւն եւ այլ ծրագիրներ: