Արցախի մէջ ստեղծուած է «Իմ այգին» բարեգործական հիմնադրամը, որուն նպատակն է Արաքս գետի հովիտին մէջ հիմնել պտղատու այգիներ:
«Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին՝ նախաձեռնութեան հեղինակներէն Սեւակ Խաչատուրեան յայտնած է, թէ ծրագիրը ամէն հայու, անկախ գտնուելու վայրէն, հնարաւորութիւն կ´ընձեռէ առանց անմիջական մասնակցութեան եւ ժամանակի կորուստի Արցախի մէջ հիմնել սեփական այգին: «Հիմնադրամի հաշուեհամարին փոխանցելով 5000 ՀՀ դրամ (հաշուարկը կատարուած է գիւղատնտեսական մասնագէտներուն կողմէ)` նուիրատուն ձեռք կը բերէ իր իսկ կողմէ ընտրած մէկ պտղատու անուանական ծառ, որուն բերքը, սկսած չորրորդ տարիէն, կը տնօրինէ անձամբ` 50 տոկոսի չափով: Նուիրատուի ծառի բերքի միւս 50 տոկոսի հասոյթը կը պատկանի հիմնադրամին` այգիներու ստեղծման եւ ատոնք յետագայ տարիներուն պահպանելու համար»,- ըսած է Խաչատուրեան:
Ըստ նախաձեռնութեան հեղինակին` հիմնադրամի ստեղծման նպատակն է նախ ազգովի իւրացնել պատմականօրէն հայկական հողերը, անով նաեւ վերջ դնելով անիմաստ խօսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ նպաստած եւ աջակցած է Արցախի մէջ` գիւղատնտեսութեան զարգացման: «Մենք կը գտնենք, որ Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման համար առկայ են շատ լաւ նախադրեալներ եւ, ներգրաւելով համահայկական ներուժը նուիրատուութիւնն ու ներդրումը կրնանք դարձնել փոխշահաւէտ»,- նշած է Խաչատուրեան եւ աւելցուցած, որ ծրագիրին մասին լսելով արդէն բազմաթիւ հայրենակիցներ մասնակցութեան ցանկութիւն յայտնած են:






