Փետրուար 17-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Միւնիխի մէջ, հանդիպած է Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուդ Պարզանիին:
Երկու կողմերը արժեւորած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ միտքեր փոխանակած փոխայցելութիւններու կազմակերպման, առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան շուրջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հետ կապուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս Էտուարտ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քիւրտիստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող համակողմանի աջակցութեան համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Քիւրտիստանի ղեկավարը ներկայացուցած է Իրաքի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահը անդրադարձած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հրատապ հարցերու:






