*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ երեկոյեան Հայկազեան Համալսարանի մէջ ներկայ գտնուեցայ «Լիբանանահայ գիրքը 2012 – 2016 տարիներուն» ձեռնարկին:
Հայկազեանի այս աւանդական ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկազեանի Տէրեան գրադարանի տնօրէնութեան կողմէ, քաջալերելու Լիբանանահայ գիրքն ու անոր նուիրեալ հերոսները:
Ձեռնարկի ընթացքին ուրախութեամբ իմացայ, որ տուեալ տարիներուն Լիբանանի մէջ լոյս տեսած է շուրջ 200 անուն գիրք, որ տեղական մակարդակով չափանշային չըլլալով հանդերձ, եթէ նկատի ունենանք գիրքի տպագրութեան համաշխարհային անկումը եւ մանաւանդ գիտակցելով, որ Լիբանան Հայաստանէ ետք երկրորդը կը հանդիսանայ ամենաշատ հայանուն գիրք հրատարակող գաղութներու ցանկին մէջ, այս մէկը կը շեշտէ լիբանանահայ գաղութին կարեւորութիւնը հայապահպանման գործին մէջ:
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը պրն. Վիգէն Աւագեանն էր (տնօրէն Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճի): Պրն. Աւագեան իր հետաքրքրական եւ գիտական մօտեցումով խօսքին մէջ ընդգրկեց շատ կարեւոր կոչ մը:
Ան օրինակ բերելով Հայրենիքի մէջ որդեգրուած «Գիրք Նուիրելու Օր»ը, որ կը զուգադիպի այս Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ին՝ առաջարկեց այս մշակութային շատ կարեւոր սովորութիւնը ներածել Լիբանան եւ նման օր մը նուիրել այս ազնիւ նպատակին:
Անմիջապէս եւ գործնականապէս ընդառաջելով պրն. Աւագեանի կոչին, «Զարթօնք»ը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գիրքեր պիտի նուիրէ Լիբանանահայ աշակերտութեան՝ անոնց մէջ զարգացնելու ընթերցասիրութիւնը, որ շատ կարեւոր ազդակ է պատանի միտքի զարգացման համար:
Յուսալով, որ Պրն. Աւագեանի կոչը ընդհանուր վիճակի կը վերածուի լիբանանահայ կեանքին մէջ՝ մենք այսօրուընէ կը պատրաստուինք իրականցնելու յառաջիկայ շաբթուան մեր օգտաշատ նուիրատուութիւնը, փորձելով լաւ օրինակ մը հանդիսանալ բոլորին:
Բարի Գիրք Նուիրելու շաբաթ բոլորին:






