Ապրիլ 23-ին հազարաւոր մարդիկ պիտի հաւաքուին Նիւ Եորքի Թայմս սքուէր հրապարակին վրայ` յարգելու համար անմեղ զոհերու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին օրը:
Հայոց ցեղասպանութեան հետ մէկտեղ Ապրիլին, որ Ցեղասպանութիւններու մասին իրազեկման ամիս յայտարարուած է, պիտի յարգեն նաեւ Հոլոքոսթի զոհերուն, ինչպէս նաեւ նորագոյն պատմութեան այլ ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը, կը գրէ The Armenian Weekly-ին:
Ձեռնարկը բաց է, ցանկացող մարդիկ կրնան միանալ եւ իրենց յարգանքի տուրքը տալ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, որոնք սպաննուած են 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան յայտնի դերասաններ, քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ եւ մարդասէրներ: 2017-ի ձեռնարկի թեման է` «Թուրքիան պատասխանատու է Ցեղասպանութեան համար. Անհերքելիի ժխտումը յանցագործութիւն է»:






