Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Յունաստանի Դիրքորոշումը ԼՂ Հակամարտութեան Հարցով Անփոփոխ է

Յունաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով անփոփոխ է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ազրպէյճանական APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիմիթրիոս Ցոունկասը` յայտարարելով, որ Փետրուար 10-­ին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները սխալ թարգմանած են իր խօսքը:

«Յունաստանը կը սատարէ միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին ջանքերը: Նախորդ Հինգշաբթի Ազրպէյճանի երիտասարդ դիւանագէտներու միութեան մօտ իմ ելոյթին ժամանակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իմ հարցը սխալ թարգմանուած է: Իմ միտքը լիարժէք չէ արտացոլուած»,-­ ըսած է դեսպանը:

Ան նշած է, որ իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Յունաստանը միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս ամբողջութեամբ կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն: «Ես նշած եմ միջազգային իրաւունքը յարգելու կարեւորութիւնը եւ ըսած, որ Կիպրոսի մէջ կայ նման իրադրութիւն: Հարցը համբերութիւն կը պահանջէ»,-­ նշած է Տիմիթրիոս Ցոունկասը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 10-ին հրապարակած էին Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիմիթրիոս Ցոունկասի խօսքը, թէ իբր «Յունաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կ’աջակցի Ազրպէյճանի դիրքորոշման»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին