Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հայ Ազգային Դարաւոր Երաժշտութեան Չքնաղ Ներկայացուցչուհին Այսօր՝ Քանոնահարուհի Մարիանա Գէորգեան

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Իսկապէս որ երջանիկ կը զգանք աշխարհասփիւռ հայերս, երբ հեռատեսիլի, համացանցի, ֆէյսպուքի, կուկլի եւ այլ զանգուածային ու միջազգային տեղեկատուութեան էջերուն վրայ կը հանդիպինք այս չքնաղ գեղեցկութեամբ օժտուած, արեւելեան հնագոյն ու խիստ դժուար կառավարելի նուագարաններէն քանոնի շնորհալի կատարողուհիի մը, որ կը կոչուի Մարիանա Գէորգեան: Անոր բեմական ելոյթները, ազգային թէ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու արժանանալը, կատարելիութեան հասած երաժշտական արուեստն ու վարպետութիւնը հիացմունք կը յառաջացնեն բոլորին մօտ: Միայն 30 տարեկանին այսպիսի մակարդակի հասնիլ, քանոնի դասընթացքներու հետեւելով 7 տարեկան հասակին եւ այսօր՝ Մայր Հայրենիքի լաւագոյն ազգային երաժշտութեան թէ միջազգային դասական երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետներուն հետ կը ներկայացնէ իր բացառիկ տաղանդը:

Մեր հեռախօսային զրոյցի ընթացքին կը յայտնաբերենք իր խրոխտ ձայնը, ինքնավստահ եւ քաջարի մանաւանդ այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, երբ ինքնահռչակ ու թեթեւսոլիկ «աստղ»երը կը փորձէին մոռացութեան տալ մեր բազմահազարամեայ եաժշտութիւնը խորհրդային Հայաստանի օրերուն, երբ մեծ զարկ տրուեցաւ հայ ազգային, աշուղական, ժողովրդային երաժշտութեան, գործիքներու վարպետութեան բարձրացման, երբ մանուկ հասակէն բազմաթիւ պատանի-պատանուհիներ յաճախեցին երաժշտական դպրոցները կամ ազգային երաժշտանոցը, յետագային ստանալով իսկական «աստղ»եր Խ. Միութեան թէ միջազգային բեմերու վրայ:

Դժբախտաբար, այսօր թրքաբարոյ եւ անբարոյ երաժշտութեան ինքնագոհ եւ ինքնագով ներկայացուցիչները կը փորձեն մոռացութեան գունատ էջերուն վրայ տեղադրել հայկական հրաշալի ազգային, աշուղական, միջնադարեան երաժշտութիւնը՝ ահա եւ կարծես դարերու խորքէն յայտնուած այս «հուրի-փերի»ն,իր ամբողջ հմայքով եւ աննման կատարողութեամբ կը գերէ հազարաւոր երաժշտասէրներու սիրտը, անգամ մը եւս միջազգային երաժշտական շրջանակներու յիշեցնելով, թէ հայ բազմահազարամեայ երաժշտութիւնը չէ մահացած: Այդ բոլորը մեզի կը հրամցուին Մարիանա Գէորգեանի անձնաւորութեամբ, որ Սայեաթ Նովայի հայ- վրացական, հայրենասիրական, քնարական երաժշտութիւնը կեանքի կը կոչէ:

Ինչպէս բնածին տաղանդներն ու մեծութիւնները, Մարիանա Գէորգեան եւս ե՛ւ համեստ է, ե՛ւ վստահ իր դժուարին առաքելութեան յաղթանակին: Ցանկութիւն ունի, ինչպէս Թաթուլ Ալթունեանի օրերուն, ելոյթ ունենալ Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ, փոխանցելու մեր հինաւուրց եւ միշտ արդիական երաժշտութեան գոհարները, որպէս քանոնահարուհի, հայ ժողովուրդին եւ մեր անգին աւանդոյթներուն նուիրուած արուեստագիտուհի:

Հարկաւոր է, որ համազգային ջանքերով տէր կանգնինք այսպիսի շարժման եւ հայ ազգային երաժշտութեան պահպանման պայքարի փայլուն ներկայացչուհի՝ Մարիանա Գէորգեանին:

Երեւան-Պէյրութ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին