Երկուշաբթի, 26. 01. 2026

spot_img

Երթն է այս… կամայ թէ ակամայ

*ՅՈՎԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*

Նախագահ չկար՝ մնացինք զուր ու տկար…
ընտրութիւն չկար՝ բայց անբաղձալին միշտ կար

Աղբերը վայելեցինք… մինչեւ օրս ալ պահեցինք…
Յարանուանութիւն միշտ անտեսեցինք,
Բայց տակաւին վախը անվերջ կ’ապրինք…

Նոյն տուեալները կը մնան ամուր
կ’երթան ու կու գան
Բայց մենք ալ կը մնանք տկար…
կ’երթանք բայց…
Միշտ չենք գար… եւ այլն… եւ այլն

Մնանք հայ
Մնանք հաւատարիմ մեր երկրին եւ…
Նոյն ոգեւորութեամբ՝ մեր գրական կարգին,
Մեր Մաշտոցեան Այբուբենին:

 

Անցան օրերը
Բայց չեկան նորերը
Գործի հոգերը…
Դուռը փակ ձգած
Երդիքին ամպոտած:

Զարմանալի թէ ոչ,
Էականը նոյնն է:
Ընկեր, բարեկամ
Թողած հոգ ու միտք
Ժպիտ… բայց միշտ քրտինք:

Ի՞նչն է փոխուածը…
Լա՞ւը թէ վատը:
Խաբկանք թէ իրաւ,
Ծնունդի անէ՞ծք թէ՝
Կեանքի մեծ հիւծանք:

Հով կար, բայց ոչ զով,
Ձայն կու տար անցնելով:
Ղարիպ են մարդիկ
Ճամբան կորցրած
Միրգը մոռցած…

Յաւերժութիւն, ո՞ւր ես…
Նայիր մարդու երես,
Շինէ նոր մարդ
Ուրիշ այլ երեւոյթ
Չտաս նոր բարդոյթ:

Պէտք է կեանք այսօր…
Ջուր պէտք է բերնին:
Ռունքերդ են բացուած
Սրտի կսկիծ ձայնող
Վերստին մեռնինք…:

Տար Աստուած, տար…
Րոպէական կոչ է սա:
Ցաւ է կեանքը,
Փուճ է ապրիլը
Քանի կայ ծնիլը…

Օն, պառկինք… երազենք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին