Փետրուար 15 լոյս 16-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն՝ հրադադարը խախտած է 44 անգամ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 500 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` բացի հրաձգային զինատեսակներէ, արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ) եւ հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (4 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն։






