Յունաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով անփոփոխ է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ազրպէյճանական APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիմիթրիոս Ցոունկասը` յայտարարելով, որ Փետրուար 10-ին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները սխալ թարգմանած են իր խօսքը:
«Յունաստանը կը սատարէ միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին ջանքերը: Նախորդ Հինգշաբթի Ազրպէյճանի երիտասարդ դիւանագէտներու միութեան մօտ իմ ելոյթին ժամանակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իմ հարցը սխալ թարգմանուած է: Իմ միտքը լիարժէք չէ արտացոլուած»,- ըսած է դեսպանը:
Ան նշած է, որ իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Յունաստանը միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս ամբողջութեամբ կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն: «Ես նշած եմ միջազգային իրաւունքը յարգելու կարեւորութիւնը եւ ըսած, որ Կիպրոսի մէջ կայ նման իրադրութիւն: Հարցը համբերութիւն կը պահանջէ»,- նշած է Տիմիթրիոս Ցոունկասը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 10-ին հրապարակած էին Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիմիթրիոս Ցոունկասի խօսքը, թէ իբր «Յունաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կ’աջակցի Ազրպէյճանի դիրքորոշման»:






