*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մարդ արարածը միշտ ալ դժուարութիւն ունի բացարձակ ճշմարտութեան հասնելու:
Մենք միշտ ալ կ’ունենանք մեր շեղումները, երբ պիտի արտայայտենք մեր միտքը կամ գաղափարը որոշ հարցերու մասին:
Եթէ այնպէս պատահէր, որ գոյութիւն ունենար բացարձակ ճշմարտութիւն մը, մարդիկ բնաւ պիտի չվիճաբանէին հարցերու շուրջ: Ամէն բան պիտի ունենար իր յստակ պատասխանն ու լուծումը: Քանի, որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, ուրեմն բոլոր այսպէս կոչուած փաստերն ու իրականութիւնները ենթակայ են հակաճառութեան:
Ամէն մարդ յատուկ է իր ձեւին եւ դաստիարակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ շրջապատին ազդեցութեամբ: Հետեւաբար անկարելի է, որ ամէն մարդ հարց մը դիտէ նոյն տեսանկիւնէն եւ ունենայ նոյն տեսակէտը :
Օրինակի համար, ես կրնամ խոտը կանաչ տեսնել: Սակայն երբեք ալ վստահ չեմ կրնար ըլլալ, որ իմ տեսած կանաչիս երանգը ճիշդ այն է, ինչ որ դիմացս կեցողը կը տեսնէ իր տեսանկիւնէն: Որո՞ւ տեսանկիւնն է շիտակը այս պարագային: Որո՞ւ կանաչը՝ կանաչն է: Նոյնիսկ բոլորէն ընդունուած բաներու չափանիշերը՝ ինչպէս մեթր, քիլոկրամ… եւ այլն, մարդկային տեսաչափեր են որոնք կը դիւրացնեն չափելու աշխատանքը, որպէսզի հասարակաց չափանիշ մը հանդիսանան: Սակայն ի՞նչ ըսել է մեթր: Չէ՞ որ մենք ստեղծած ենք: Ո՞վ կրնայ բացարձակ եւ իսկական տարածութիւնը ըսել բանի մը:
Սիրելի ընթերցող, իմ վերը գրածս ալ կարծիք է: Բնաւ կասկած չունիմ, որ ընթերցողներ պիտի ըլլան, որ համաձայն չըլլան գրածիս: Անշուշտ այս մէկը շատ բնական է:
Հետեւաբար եկէք համոզուինք, որ այն ինչ որ կը լսենք մեր չորս կողմէն՝ կարծիք է, եւ ո՛չ փաստ: Զայն կրկնելն ու տարածելը թութակի արժանիք է…:
Անշուշտ նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ, այն ինչ որ կը տեսնենք տեսակիւնէ կախեալ է եւ ոչ անպայման ճշմարտութիւն: Զայն, որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն ընկալելը մանուկի արժանիք է…:
Այսօրուան համար այսքան, սիրելիս:
Վաղը կը տեսնուինք:






