«Հայ ազգային քոնկրէս – Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւն» դաշինքի ընտրական ցուցակը ապրիլեան ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ ՀԱԿ առաջնորդ, ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:
Երէկ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ ՀԱԿ անդամ Լեւոն Զուրապեան ներկայացուց իրենց թեկնածուներու անունները: Ան նշած է, որ համամասնական ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 141 հոգի։
Համամասնական ցուցակի առաջին տասնեակը ունի հետեւեալ տեսքը․
1․ Լեւոն Տէր Պետրոսեան` ՀԱԿ առաջնորդ, ՀՀ առաջին նախագահ
2․ Ստեփան Դեմիրճեան` ՀԺԿ նախագահ
3․ Լեւոն Զուրապեան` ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար
4․ Զոյա Թադեւոսեան` տնտեսագէտ,
5․ Արամ Մանուկեան` ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար
6․ Գագիկ Ջհանգիրեան` ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ, նախկին զինդատախազ
7․ Վահագն Խաչատուրեան` Երեւանի նախկին քաղաքապետ, տնտեսագէտ
8․ Լիտա Մելիքեան` ՀԱԿ Արաբկիրի կառոյցի ղեկավար,
9․ Դաւիթ Մաթեւոսեան` նախկին պատգամաւոր, ազատամարտիկ
10․ Ստեփան Մինասեան` ՀԺԿ անդամ:






