Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Լաթաքիոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:
Յիշեցնենք, որ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Պալայեան Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր, որ Հայաստանի մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը վայրէջք կատարած է Սուրիա:






