Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Արա Կիւլէր Բացումը Պիտի Կատարէ Թուրք-գերմանական Ֆիլմերու Փառատօնին

Թուրքիոյ քաղաքացի, աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր ներկայ պիտի ըլլայ Գերմանիոյ Նիւրնպերկ քաղաքի Թաֆելհալլէ թատրոնին մէջ կայանալիք «Թուրք-գերմանական ֆիլմերու փառատօն»-ի բացման արարողութեան: Ան արժանացած է փառատօնի բացումը կատարելու պատուին, կը գրէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Սոզճու» («Sozcu») թերթը:

Բացման արարողութեան ժամանակ Կիւլէր, ինչպէս նաեւ գերմանացի կինոգործարկող Եուրկեն Եուրկեսը պատուոյ շքանշաններ պիտի ստանան:

Փառատօնը  տեղի պիտի ունենայ Մարտ 4-12-ին: Կը նշուի, որ շարժապատկերի փառատօնի ժամանակ պիտի ցուցադրուի նաեւ թուրք բեմադրիչ Օսման Օքքանի նկարահանած «Արա Կիւլէր-Սթամպուլի առասպելը» վաւերագրական ֆիլմը:  Ցուցադրութենէն ետք Կիւլէր եւ Օքքան հանդէս պիտի գան ելոյթով:

Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս պիտի շնորհուին «Ամենալաւ երկար ֆիլմ», «Ամենալաւ կարճ ֆիլմ», «Ամենալաւ դերասանուհի», «Ամենալաւ դերասան» մրցանակները: Ամենալաւ երկար եւ կարճ ֆիլմերու համար նախատեսուած մրցանակներուն կը յաւակնի 10 ֆիլմ:

Յաղթող ֆիլմերուն անունները յայտնի պիտի դառնան Մարտ 11-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին