Թուրքիոյ քաղաքացի, աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր ներկայ պիտի ըլլայ Գերմանիոյ Նիւրնպերկ քաղաքի Թաֆելհալլէ թատրոնին մէջ կայանալիք «Թուրք-գերմանական ֆիլմերու փառատօն»-ի բացման արարողութեան: Ան արժանացած է փառատօնի բացումը կատարելու պատուին, կը գրէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Սոզճու» («Sozcu») թերթը:
Բացման արարողութեան ժամանակ Կիւլէր, ինչպէս նաեւ գերմանացի կինոգործարկող Եուրկեն Եուրկեսը պատուոյ շքանշաններ պիտի ստանան:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 4-12-ին: Կը նշուի, որ շարժապատկերի փառատօնի ժամանակ պիտի ցուցադրուի նաեւ թուրք բեմադրիչ Օսման Օքքանի նկարահանած «Արա Կիւլէր-Սթամպուլի առասպելը» վաւերագրական ֆիլմը: Ցուցադրութենէն ետք Կիւլէր եւ Օքքան հանդէս պիտի գան ելոյթով:
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս պիտի շնորհուին «Ամենալաւ երկար ֆիլմ», «Ամենալաւ կարճ ֆիլմ», «Ամենալաւ դերասանուհի», «Ամենալաւ դերասան» մրցանակները: Ամենալաւ երկար եւ կարճ ֆիլմերու համար նախատեսուած մրցանակներուն կը յաւակնի 10 ֆիլմ:
Յաղթող ֆիլմերուն անունները յայտնի պիտի դառնան Մարտ 11-ին: