Փետրուար 12 լոյս 13-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին արձանագրուած է լարուածութեան աճ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Հակառակորդը Դ-44 տիպի հրանօթներէ, ականանետերէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 950 կրակոց:
Ազրպէյճանական զինուժը արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է Դ-44 տիպի հրանօթներ` արձակելով 13 արկ, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով` 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետեր ու նռնականետեր` ընդհանուր առմամբ արձակելով 49 արկ, որուն 41-ը ականանետերէ, 8-ը` նռնականետերէ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը աչալրջօրէն հետեւած են առաջնագիծին տիրող զարգացումներուն եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած՝ հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար: