Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Պայմանաւորուածութիւն

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մեծը, մեծութիւններ կը փառաբանուին… մարդկային մտածողութեան մէկ արդիւնքն է սա, եթէ կարելի է մտածողութիւն անուանել, քանի որ մտածողութեան աւելի խորքը երթալով պիտի ընդունինք որ պայմանաւորուածութեան արդիւնք է մեծը կամ մեծութիւնը:

Արտաքին մեծ մը, կրնա՞յ գոյանալ, եւ ի՞նչ օգուտ, որո՞ւ. բայց երբ այդ առաջնորդ մըն է կամ ղեկավար մը, ուրեմն կայ հաւաքականութիւն մը, որմէ՝ ծնունդ կ’առնեն զանազան կարողութեան, որակի անհատներ, մին՝ մեծ կրնայ ըլլալ, ըսենք, գրականութեան մէջ, օրինակի համար, իր նորավէպերով եւ սակայն՝ նոյնքան եւ աւելի ձախող եւ ազգակործան՝ մարզի մը մէջ, ուր պէտք չէր իսկ գտնուէր եւ սակայն… ի միտի ունիմ մեր մեծերէն Գրիգոր Զոհրապ, որ թրքական խորհրդարանի մէջ յայտարարեց Հայոց հպատակութիւնը պետութեան, առաջին համաշխարհային պատերազմին, հուսկ՝ երիտասարդութեան զինուորագրուիլը թրքական բանակին… թէեւ իր անձնական դիրքորոշումը չէր:

Ուստի, պայմանաւորուածութիւնն է տիրականը. անհատ, կուսակցութիւն, ժողովուրդ եւ… արդիւնք:

Բնութիւնն ալ ուրիշ թելադրանք չունի անխօս ու գործնական: Եթէ Լուսինը արեւի յատկանիշները ունենար, ի՞նչ պիտի ըլլար արդեօք արեգակնային դրութեան վիճակը, կամ արդեօք երկրի վրայ պիտի կեանք գոյանար ինչպէս որ կայ, ո՞վ գիտէ:

Լեզուի մէջ, ստորակէտ, կէտ, վերջակէտ եւ ամբողջ քերականութիւնը մեր հնարքներէն է՝ աւելի լաւ կամրջելու մեր միտքը մեր ըսելիքներուն հետ, եւ ըսուածը՝ ընթերցողին: Ու բառե՜ր, բառեր եւ եթէ պակսին անոնք, կայ բառաշինութիւն՝ հեղինակին կողմէ, կամ՝ բառակերտում… օրինակներ շատ են. քայլ առ քայլ, կ’ունենանք բառերու շտեմարան մը, ի շահ արտայայտչականութեան:

Կենդանական-անասնական աշխարհն ալ նոյնը կը պարզէ-լաւագոյն օրինակը՝ «մեծ ձուկը կլլեց պզտիկ ձուկը» – սակայն ե՛ւ մեծը, եւ պզտիկը, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը:

Եւ սակայն, մարդ արարածը հակամէտ է բաղդատականներու, ինչ որ ընկերութեան ախտերէն մին է: Դասարաններու մէջ իսկ մէկը կը գովաբանուի, ուրիշ մը՝ պարսաւանքի կ’ենթարկուի, բայց չէ՞ որ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին, կը տարբերին նաեւ կարողութեամբ ու ամէնն ալ բնութեան արգասիքն են: Հարիւր մեթր վազքի առաջնութեան ախոյեանը կը ձախողի երկու հարիւր մեթրի մէջ…

Հոգեբանութեան գիրքի մէջ կ’ըսուի, թէ մարդոց եօթանասուն առ հարիւրը միջակ աստիճանի կ’ըլլան, տասնհինգը՝ միջակէն վար, տասնհինգը միջակէն վեր, որոնց հինգը կը մօտենան բացառիկի…

Օ՜, բնութիւն, օ՜, մայր… չես եղած երբեք հաւասար… բայց գոյ ես եւ կը շարունակես քու ճամբադ յաւիտեան:

Եւ քանի որ այս է իրողութիւնը ու դրուածքը կեանքին, եթէ կարենանք խոր եւ լայնածիր մտածել, ընդունելով այն՝ ինչ որ տրուած է ի սկզբանէ, կը ճաքի լոյս համամարդկային, մեծին չափը կ’անհետի, ամէն ոք կ’ըլլայ ի պատուի, ինչ որ արդէն իրեն տրուած իր բնական իրաւունքն է այս երկիր մոլորակի վրայ, ուր վառ արեւ մը կը վառի ու հիւանդ լուսին մը կը մարի…:

Օ՜, բնութիւն, օ՜, մայր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին