ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու նպատակով Հայաստանէն Սուրիա 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի տեղափոխուի: Այս մասին, Փետրուար 13-ին, սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջ-գերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստին ըսած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, կը հաղորդէ 168.am-ը:
Ան նշած է, որ համապատասխան գերատեսչութիւններէն աշխատակիցներ պիտի մեկնին Սուրիա` երկու օդանաւով առաքուելիք բեռը տեղ հասցնելու համար: «Մենք այդ օգնութիւնը չենք ուղարկեր միայն այնտեղ բնակող հայերուն: Մենք ատիկա կ’ուղարենք այն բնակավայրերը, ուր մեր հայրենակիցներուն հետ միասին կը բնակին նաեւ սուրիացիներ»,- ըսած է նախարարը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, որպէս մարդասիրական օգնութիւն, Սուրիա պիտի ուղարկուին առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ` հագուստ, սնունդ:
Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը պահեստային ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ: Գումարը նուիրաբերութեան կարգով փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ձեռք բերելու նպատակով:
ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3-ին, ապա 5-ին Երեւանէն Սուրիա մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»: