Փետրուար 9-ին եւ լոյս 10-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ արձանագրուած է հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտումներու աճ:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` նշուած ժամանակահատուածին մէջ հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ, տարբեր տիպի նռնականետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 70 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1000 կրակոց: Առաւել բուռն խախտումներ արձանագրուած են առաջնային գիծի արեւելեան, հարաւային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ ազրպէյճանական զինուժը ականանետէ ու նռնականետերէ ընդհանուր առմամբ արձակած է 34 արկեր, որոնցմէ 24-ը ականանետերէ, 10-ը` նռնականետերէ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան առաջնագիծի վրայ` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային պատասխանելով հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւններուն: