Վրացական Liberali.ge պարբերականը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղամասի, Իսանի 18 հասցէին գտնուող, Շամխորեցիներու Սուրբ Աստուածածին խոնարհուած եկեղեցւոյ յարակից տարածքին ընթացող բնակելի շէնքի կառուցման վերաբերեալ:
Ըստ aliq.ge-ի՝ յօդուածին մէջ նշուած է, որ կառուցուող եռայարկ շինութիւնը 287.7 քմ մակերեսվ շէնք է, 560 քմ հողակտորի մը վրայ:
Յօդուածը կ’անդրադառնայ «Թիֆլիսի համքարներ» ՀԿ-ի ահազանգին, որ բնակելի տունը շատ մօտ է եկեղեցիին, իսկ կառուցումէն ետք ամբողջութեամբ կը ծածկէ եկեղեցւոյ արեւելեան պատը: Ծրագիրին մէջ, նկարներու եւ պաստառներու վրայ եկեղեցին նշուած չէ:
Եկեղեցին 19-րդ դարուն կառուցած են Շամխորէն գաղթած հայերը: Եկեղեցւոյ գմբէթը փլուզուած է 1989 թուականի երկրաշարժին:
Յօդուածագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ մշակութաբան Ցիրա Էլիսաշվիլիի` եկեղեցւոյ վերաբերեալ կարծիքին, որ կը կարծէ, որ շինարարութիւնը կը խախտէ յուշարձանի պաշտպանութեան գօտիները, եւ նման հեռաւորութեան վրայ շինարարական աշխատանքները տեղին չեն:
«Շամխորեցիներու եկեղեցին բացառիկ պատմական յուշարձան է, որ պատկանած է Շամխորէն գաղթած թեմին եւ ժամանակին ամենամեծ եկեղեցին եղած է Թիֆլիսի մէջ: Հակառակ անոր որ այսօր անիկա փլուզուած է, սակայն անոր կարեւորութիւնը չի նուազիր: Մեկնելով այս բոլորէն` յուշարձանը ունի իր պաշտպանութեան գօտիները, որոնք կը խախտին այս շինարարութեամբ: Կարեւորը այն է, որ ծրագիրին հեղինակները փաստօրէն խաբէութեան կը մատնեն հանրութիւնը, քանի որ որեւէ տեղ եկեղեցին չի նշուիր: Մարդիկ կը կարծեն, թէ այդ տունը կը կառուցուի բաց դաշտի վրայ: Այս թաղամասը այնքան կարեւոր է, որ ճարտարապետութեան խորհուրդի անդամները պէտք է հասկնային, որ եռայարկ շինութիւնը, գումարած տանիքը, կը խախտէ յուշարձանի արտաքին եւ տեսողական պաշտպանութեան տարածքը»,- յայտարարած է Էլիսաշվիլին:
Թիֆլիսի ճարտարապետութեան ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ շինարարութեան նախագիծը ուղարկած են Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուրկէ ստացած են դրական պատասխան: