Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Խոզ, Խոզակ Եւ Խոզանակ

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Յառաջադէմ երկիրներու մէջ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ամէնէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը։

Միւս կողմէ սակայն, զարմանալի է որ այսքան սիրուած մսեղէնը հայթայթող կենդանին՝ խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացումի։

Khoz 3

«Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի արդէն, մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով.

-Խոզի պէս մարդ մըն է,- կþըսենք յաճախ, եթէ ուզենք ակնարկել մէկու մը, որ կոշտ-կոպիտ վերաբերմունք ունի իր շուրջիններուն նկատմամբ ու անփափկանկատութեան դափնեկիր մըն է…

-Այնքա՜ն գիրցեր է որ՝ խոզի նմաներ է,- կþըսենք երբեմն, ակնարկելով անոնց՝ որոնց վիզը ու մարմինը շատ հաստցեր է, եւ որոնք կորսնցուցեր են այլեւս իրենց Ֆիզիքական նրբութիւնն ու վայելչութիւնը…

Ու այսպէս արտայայտուելով հանդերձ, մեր սեղաններուն վրայ մի՛շտ տեսնել կþուզենք խոզի միսը, ընկերակցութեամբ…կարմիր գինիի։

Բայց գիտենք արդէն, որ խոզի միսը արգիլեալ ուտեստեղէն մըն է մահմետականներու եւ հրեաներու համար։ Ղուրանը յստակօրէն կը թելադրէ իր հետեւորդներուն չճաշակել խոզի միսը, այս կենդանին նկատելով պիղծ ու գարշելի եւ այլազան հիւանդութեանց աղբիւր։

Աւետարանն ալ բազմաթիւ ակնարկներ ունի խոզի մասին։ Ամէնէն նշանաւորը՝ «Ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի  չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ» խրատն է, որ առածի կարգ անցած է։ Երբ մեր դիմաց կը գտնուի մէկը, որ ընդունակ չէ հասկնալու կամ գնահատելու մեր խօսքն ու գործը, այն ատեն կþըսեն մեզի.«Խոզերուն առջեւ մարգարիտ մի՛ նետեր»…։

Խոզը ընտանի անասուն մը կը նկատուի։ Զայն կը բուծանեն ագարակներու մէջ. եւ անասնապահութեան այս տեսակը կը կոչուի «խոզաբուծութիւն»։ Խոզեր արածող հովիւներն ալ կը կոչուին «խոզարած»։

Կան սակայն վայրի խոզեր ալ, որոնք անտառներու մէջ  կþապրին, եւ որոնք կը կոչուին «վարազ»։ Որսորդներու ամէնէն նախընտրելի թիրախներն են վարազները, որոնց միսը եւս յարգի է ու համով։

sheram

Խոզը ԿՃՂԱԿԱՒՈՐ կենդանի մըն է, այսինքն՝ ոտքին մատները ծածկուած են կարծր պատեանով՝ կճղակով, կովերու եւ ոչխարներու նման։ Ան նաեւ ԿՆՃԻԹԱՒՈՐ է (կնճիթը խոզին ցցուն քիթն է)։ Խոզի ձագը կը կոչուի ԽՈՃԿՈՐ։

Շատ պիտի զարմանաք, եթէ ձեզի ըսուի որ «խոզանակ» բառը կազմուած է «խոզ» արմատէն։ Ի՞նչ առնչութիւն։

Khozanag

Ըստ Մալխասեան բառարանին, նկատի առնելով որ խոշոր վրձինները շինուած կþըլլային խոզի թաւ ու կարծր մազերէն, ուստի՝ այդ վրձինները կոչուած են «խոզանակ»։

Կը մնայ սա «խոզակ» բառը։ Ի՞նչ է խոզակը։ Լսա՞ծ էք այս բառը երբեւիցէ։

Այս մէկը «խոզ»ին հետ բնաւ կապ չունի։

Խոզակը շերամին ինքն իր մարմնին շուրջ հիւսած բոժոժն է, փաթոյթը, պատեանը, որմէ կը ստացուի մետաքսը, մետաքսաթելը։

Գիտենք որ շերամը (այլ անունով՝ թրթուր), որդ մըն է, օրհնեա՜լ որդ մը, որ կը սնանի թութի տերեւներով։ Շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին՝ թրթուրը շինած կþըլլայ խոզակ մը, որմէ կը ստացուի 1000-1500 մեթր երկարութեամբ մետաքսաթել։ Իր այս շնորհակալ «գործ»ը աւարտած թրթուրը՝ յաջորդ օրերուն կը փոխակերպուի թիթեռնիկի, կը ծակէ խոզակը ու դէպի դաշտերն ու ծաղկաստանները կը թռչի …։

Մայր բնութեան հրաշալի երեւոյթներէն մէկն է ասիկա‎։

Հալէպ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին