Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին Փետրուար 10-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է նախարար Արծուիկ Մինասեան` նշելով, որ իրենք մօտ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն։
«Մենք մեր ներկայ քաղաքականութիւնը որդեգրած ենք շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուող ֆինանսական աղբիւրներու համախմբման եւ նպատակային ծրագիրներու իրականացման ուղութեամբ»- PanARMENIAN.Net-ի փոխամցմամբ՝ ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Մանրամասնելով Գառնիի ճոպանուղիի ծրագիրը, նախարարը նշած է, որ անիկա կը ներառէ Քարերու սիմֆոնիայի յուշարձանը ու Խոսրովի անտառ արգելոցը:
«Կ՛ուզենք իրականացնել ծրագիր, որ ուղիղ կապ պիտի ունենայ նաեւ Խոսրովի անտառ արգելոցի հետ եւ հետաքրքրական շղթայ պիտի ապահովէ: Ընդհանուր նպատակն է ունենալ ճոպանուղի, որ կ’ապահովէ ելքը ձորի վրայէն եւ այցելուները կը տանի Քարերու սիմֆոնիայի մօտ»,- ըսած է նախարարը` աւելցնելով, որ նախնական գնահատմամբ ծրագիրը կ’արժէ մօտ 5 միլիոն տոլար:
Ան նշած է, որ այժմ կ’աշխատին նախագծումներու վրայ: Կը նախատեսուի կառուցել նաեւ կամուրջ եւ զբօսաշրջիկներու համար նախատեսուած տեղեկատուական կեդրոններ: