Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Սփիւռքի Նախարարը Կ’առաջարկէ Հայաստանի Զբօսաշրջութիւնը Զարգացնել՝ Օրինակ Վերցնելով Արցախէն

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում. սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան ոլորտում» թեմայով կլոր-սեղան քննարկում, որուն կը մասնակցէին չորս տասնեակէ աւելի զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ զբօսաշրջութիւնը հռչակուած է որպէս տնտեսութեան զարգացման գերակայ ոլորտներէն մէկը: Հակառակ պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն, այս ոլորտը, ըստ նախարարին, կարիք ունի մշտական ուշադրութեան ու նորարարական մօտեցումներու:

Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով` վերջին 25 տարուան ընթացքին զբօսավարները իրենց  հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ փորձած են նպաստել զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման: «Պէտք է շեշտել, որ առաջին tour operator-ները սփիւռքահայերն էին, որոնք բերին նոր գիտելիք, նոր հնարաւորութիւններ, նոր կապեր: Անոնք ոչ միայն  Հայաստանը ճանաչելի դարձուցին աշխարհին, այլեւ մեր հայրենակիցները կապեցին հայրենիքի հետ»,- ըսած է նախարարը:

Այդուհանդերձ, ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի, այս ամէնը բաւարար չեն: Համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու պարագային զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ հնարաւոր է շատ աւելի լաւ արդիւնքերու հասնիլ:

Ան նշած է, որ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանին հետ քննարկած են, որ առաջնահերթ աշխատանքներ պէտք է տարուին օրէնսդրութեան կատարելագործման ուղղութեամբ:

Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով`  անկախութեան տարիներուն Հայաստանի համար դժուար էր զարգացնել զբօսաշրջութեան ոլորտը, այսօր արդէն կրնանք ըսել, որ 25 տարիներու ընթացքին հիւրանոցաշինութեան, ճանապարհաշինութեան, սպասարկման ոլորտներու մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ենք: Մինչդեռ, ըստ անոր, ամենամեծ բացթողումը այն է, որ չենք կրնար` ըստ արժանուոյն ներկայացնել  մեր երկիրը:

«Մենք ներկայացման խնդիր ունինք, այդ ներկայանալի դառնալու խնդիրը մեր մօտ բաց է: Մարդիկ ընդամէնը 200 տարուան պատմութիւն ունին, բայց կրնան շատ գեղեցիկ իրենց մատուցել: Մենք այստեղ խնդիր ունինք, ատոր համար պէտք է աշխատինք: Ընելիքներ շատ կան»,- ընդգծած է Հրանոյշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ հայկական աւանդոյթները, սովորոյթները այնքան գեղեցիկ են, որ ճիշդ ներկայացնելու պարագային մեծ յաջողութիւններ կ’ունենանք:
Նախարարը  մատնանշեց Արցախի զբօսաշրջութեան  վարչութեան օրինակը, որ անոր գնահատումով,  փայլուն  աշխատանք կը տանի:

Հ. Յակոբեանի խօսքերով` Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան երթուղիները մշակուած են աննկարագրելի ճիշդ ձեւով: «Եթէ մենք կարենանք այդպիսի երթուղիներ մշակել, ապա լուրջ յաջողութիւններ կրնանք արձանագրել: Պէտք է կարենանք Հայաստանի լաւագոյն հատուածները ճիշդ քարոզել այնպէս, ինչպէս Արցախի մէջ կ’ընեն»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան նոյնպէս փաստեց, որ Հայաստանը զբօսաշրջութեան զարգացման մեծ ներուժ ունի, սակայն պէտք է կարենալ ճիշդ եւ գրաւիչ ներկայացնել երկիրը: Ըստ անոր` Զբօսաշրջութեան զարգացման 2017-2020-ի հայեցակարգին մէջ ընտրած են այն թիրախները, որոնց վրայ պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն:

Զարմինէ Զէյթունցեանի խօսքերով` հայեցակարգի հիմնական կէտերէն պիտի ըլլայ Սփիւռքի բոլոր հարթակներու վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումը: «Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը` 50 տոկոսը Սփիւռքէն է: Անոնք հիմնականօրէն կու գան ծանօթանալու իրենց արմատներուն, պատմութեան, սակայն Սփիւռքի մէջ  Հայաստանի մասին տեղեկատուութիւնը աւելի շատ քաղաքականացուած է եւ չի ներկայացուիր Հայաստանը իր բազմազանութեամբ: Ուստի մեր ռազմավարութեան հիմնաքարը Սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումն է»,- ըսած է  Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին