Թրքական Demokrathaber.org կայքը յատուկ անդրադարձ կատարած է ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին` խօսելով անոր ընտանիքին, դէպի պատմական Պիթլիս (պատմական Բաղէշ- Tert.am) երկարող արմատներուն եւ վառ անհատականութեան մասին:
«Սարոյեան լոյս աշխարհ եկած է 1908-ին Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ` իբրեւ պիթլիսցի հայ ընտանիքի զաւակ: Երբ ան ընդամէնը 3 տարեկան էր, մահացաւ անոր հայրը, որմէ ետք Սարոյեանի մայրը ստիպուած եղաւ երեխաները մանկատուն տալ: 5 տարի մանկատան մէջ անցնելէ ետք ընտանիքը կրցաւ վերամիաւորուիլ»,- ըստ tert.am-ի՝ կը պատմէ կայքը մեծ հայ գրողին կենսագրութենէն:
Կայքը կը նշէ, որ Սարոյեանի զուարճալի ու երբեմն ալ որոշ չափով տխուր վէպերուն մէջ ամէն մարդ կրնայ գտնել իր մանկութենէն հատուած մը:
«Ուիլիամ Սարոյեան «արագ» կեանք մը ապրած է: Շրջած է աշխարհով, ինչպէս նաեւ` իր նախնիներու հայրենիք Պիթլիսով, ամուսնացած է, ամուսնալուծուած, յետոյ նոյն կնոջ հետ դարձեալ ամուսնացած ու նորէն ամուսնալուծուած: 1981-ին, երբ ան մահացաւ իր ծննդավայրին մէջ անոր անունը արդէն շատոնց յայտնուած էր ամերիկեան գրականութեան կարճ վէպերու ամենալաւ գրողներու ցուցակին մէջ», – կը գրէ կայքը` աւելցնելով, որ Սարոյեան, ինչպէս ինքը կ՛ըսէր, իր բոլոր վէպերուն մէջ կը պատմէ մարդու մասին: Սարոյեանի ձեռագիրը պարզ է ու անկեղծ: