Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Սահմանագիծին Վրայ Հրադադարի Խախտումներու Աճ Արձանագրուած Է

Փետրուար 9-ին եւ լոյս 10-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ արձանագրուած է հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտումներու աճ:

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` նշուած ժամանակահատուածին մէջ հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ, տարբեր տիպի նռնականետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 70 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1000 կրակոց: Առաւել բուռն խախտումներ արձանագրուած են առաջնային գիծի արեւելեան, հարաւային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ ազրպէյճանական զինուժը ականանետէ ու նռնականետերէ ընդհանուր առմամբ արձակած է 34 արկեր, որոնցմէ 24-ը ականանետերէ, 10-ը` նռնականետերէ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան առաջնագիծի վրայ` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային պատասխանելով հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին