Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի իսլամական յեղափոխութեան 38-րդ տարեդարձին առթիւ Հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Թեհրանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Իրանի նախագահը, անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղուած Իրանի ջանքերուն, նշած է. «Այն ատեն, երբ Իրանի հիւսիսը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ղարաբաղի բարձունքներուն վրայ բախումներ տեղի կ’ունենային, Իրան երկու ճակատներու վրայ ալ գործօն ներկայութիւն ունեցաւ, որպէսզի պատերազմի կրակը հանգեցնէ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ», կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն: