Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Զոհուած է Մէկ Զինուոր. Եւս Մէկը Ծանր Վիրաւոր է

Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ Փետրուար 8-­ին` մօտ ժամը 11:00­-ին, հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, մահացու վէրք ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1979-ի ծնունդ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեանը: Այս մասին կը  տեղեկացնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Նոյն օրը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մէկ այլ (Մարտակերտ) ուղղութեամբ մօտ ժամը 12:00­-ին, կրկին հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման արդիւնքով, ծանր վիրաւորուած է ՊԲ ժամկէտային զինծառայող, 1988-ի ծնունդ Կորիւն Կամոյի Կիրակոսեանը:

Կը կատարուի քննութիւն: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին