Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Պատգամաւորները Կը Պահանջեն Ետ Կանչել Պելառուսիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը, Սառեցնել Անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին

Ազգային ժողովի պատգամաւորները երէկ ` Փետրուար 8-ին, մեկնաբանած են Պելառուսիոյ կողմէ յայտնի պլոկըր Ալեքսանտըր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնումը, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը։

Ըստ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քօքոբելեանի` Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է իր դիրքորոշումը յայտնէ տեղի ունեցածին վերաբերեալ:

«Երէկ բոլորս տեսանք, թէ ինչպէս մեր բարեկամ Պելառուսիան յայտնի պլոկըրը անօրինական արտայանձնեց մեր հակառակորդ Ազրպէյճանին: Ասիկա մարդու ազատ խօսքի իրաւունքի խախտում է, զայն կը մեղադրեն Արցախ այցելելու եւ իր մտքերը տեսակէտները հնչեցնելու համար: Մենք պէտք չէ բաւարարուինք այստեղ կամ այնտեղ խօսելէն, Ազգային ժողովը իր դիրքորոշումը պէտք է յայտնէ»,- ըսած է Խաչատուր Քօքոբելեան:

Էդուարդ Շարմազանով` իբրեւ հայ-պելառուսական յանձնաժողովի համանախագահ, Պելառուսիոյ այս քայլը որակեց խայտառակ, որ չի բխիր խաղաղ կարգաւորման տրամաբանութենէն. «Այս քայլը նաեւ Ռուսիոյ ու Հայաստանի դէմ է»:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց՝ յուզական ելոյթներով հարցը չի լուծուիր: Ելոյթները պէտք է ըլլան յստակ եւ հասցէական: «Աւելի ճիշդ կ’ըլլայ խորհրդարանական յայտարարութիւն տարածել եւ միանշանակ դատապարտել»,– ըսած է Վարդանեան:

ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան առաջարկեց ՝ ժամը 15:00-ին հաւաքուիլ Հայաստանի մէջ, Պելառուսիոյ դեսպանատան դիմաց` կոշտ դիրքորոշումը յայտնելու համար:

«Սա իր քաղաքական նշանակութեամբ հաւասար է Հունկարիոյ կողմէ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելուն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Քանի մը պատգամաւորներ ալ պահանջած են սառեցնել ՀԱՊԿ անդամակցութիւնը, ետ կանչել Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը:

«Աննախադէպ լկտիութիւն է եւ ցինիզմ (շնականութիւն,լրբութիւն), այստեղ ամենամեծ ընելիքը ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եթէ ինքզինք կը համարէ արժանապատիւ պետութիւն, լաւ կ’ըլլայ, որ սառեցնենք մեր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին, ետ կանչենք մեր դեսպանը»,- յայտարարած է Նայիրա Զոհրապեան:

Հրանդ Բագրատեան նոյնպէս յորդորած է յստակ քայլերու դիմել, ոչ թէ բոցաշունչ եւ հայրենասիրական ելոյթներ ունենալ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի խորհրդարանի քայլերուն, պատգամաւորները առաջարկեցին վեց խմբակցութիւններով դատապարտող բանաձեւ պատրաստել կամ ԱԺ նախագահը յանձնարարէ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ի մի բերել բոլոր կարծիքներն ու դատապարտող յայտարարութիւն տարածել:

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, սակայն, կը կարծէ` պէտք չէ հապճեպ որոշումներ կայացնել. «Աւելի լուրջ մտայնութիւններ պէտք են եւ ատիկա սովորական խնդիր չէ, եւ յառաջիկային որոշակի ուղերձներ պիտի ըլլան այդ ուղղութեամբ»:

Աւելի առաջ յայտնած էինք, որ Փետրուար 7-ին, Պելառուսիոյ Գերագոյն դատարանը հաստատած է դատախազութեան որոշումը` Ալեքսանտըր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու մասին: Ան երէկ արտայանձնուեցաւ Ազրպէյճանին:

Ռուսիոյ  եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտըր Լափշին ձերբակալուած է 2016-ի Դեկտեմբերին, Մինսկի մէջ` Ազրպէյճանի պահանջով։ Աններառուած է «սեւ ցուցակ»-ի մէջ ԼՂՀ այցելութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին