Եւրոմիութիւնը կը կարծէ, որ Ղարաբաղի մէջ կարգավիճակը անկայուն է: Այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասք (Donald Tusk), կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:
«Մենք քննարկած ենք Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ կարգաւորումը: Կարգավիճակը (status quo) անկայուն է: Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի»,– ըսած է ան:
Թասքի խօսքով` հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի քաղաքական ճանապարհով` միջազգային իրաւունքին համապատասխան:
Ան ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել միջնորդ ջանքերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկներուն:
Հիւրերը եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութիւնը հաւաստող վաւերագիրներուն եւ լուսանկարներուն։