*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Բախտաւորութիւն է հայրենիքի մէջ ապրիլը»
Ճորճ Բարսեղեան
Բախտաւորութեան կարգով սկսելով՝ կարելի է ըսել, նախ՝ բախտաւորութիւն է հայրենիք ունենալ, երբ դարեր անհայրենիք թափառեցանք հոս ու հոն, եւ դեռ՝ ինչքա՜ն ժողովուրդներ կան, որոնք թուաքանակով գուցէ մեզմէ գերազանց ալ են, եւ սակայն տակաւին կը պայքարին եւ ան ալ արիւնո՛տ, ունենալու համար հայրենիք:
Նախ հայրենիք կ’ունենաս, կը կազմաւորուիս, կը կերտես ու կը հասնիս ազգութեան մակարդակին ու կ’ընթանայ երթը պատմութեան ալիքներուն յանձնուած:
Արեւելքի խորշակներուն տակ կորսնցուցինք պետութիւն, հող, երդիք ու ցրուեցանք ուր որ կարելի եղաւ ժամանակի ընթացքին ու հատուած հատուած, մերթ ընդ մերթ կանունաւոր եւ անկանոն, ով ինչպէս կրնար եւ ո՛ւր կրնար հեռանալ…
Մեր գրականութիւնը ի՜նչ կրնար տալ եթէ ոչ՝ ցոլացնել մեր առօրեայ կենսավիճակը, որմէ.-
Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկարն է վերամ,
Կերած հացն է լեղի ու ջուրը՝ հարամ:
Այս՝ հայրենիքէն հեռացած պանդխտութեան վիճակն էր… արդէն պատմութեան անցած:
Ինչեւէ: Դարերը անցան պայքարներով, սխրագործութիւններով, սակայն, վերջ ի վերջոյ մեր պատմական հայրենիքի մէջ փոքր մասին մէջ ունեցանք, եւ ունինք ազատ, անկախ հայրենիք ու քառորդ դարէ այդպէս է:
Հենելով լրատուական միջոցներու, որոնք այնքա՜ն հեշտ դարձան վերջին տասնամեակներուն, կարելի է նոյն վայրկեանին իմանալ թէ աշխարհի ո՛ր ծայրամասին, ո՛ւր ի՛նչ կը պատահի, եւ տակաւին մենք, հոս, Լիբանանի մէջ կը շարունակենք պահել մեր օրաթերթը, որ պատկերը կու տան հայրենիքի անցուդարձերուն, իբրեւ մէկ միասնութեան երեւոյթ: Անտարակոյս կան ուրախալի տեղեկութիւններ, սակայն անոնք աննշմար կ’անցնին այն ահաւոր իրականութեան, զորս կ’ապրին մեր հայրենի բնակութիւնը: Հեռու անցեալէն, պատմութեան ծալքերէն մնացած իրենց ծնած հողին վրայ, միայն մէկ տարուան ընթացքին ունենալ աւելի քան ութհարիւր հազար հոգիի արտագաղթ, այս մէկը արդէն կոչեցինք «արիւնահոսութիւն»: Բայց ելքը ո՞ւր է: Ոչ ոք իր հայրենիքը կամովին կը լքէ՝ երթալու այլ ափեր:
Ինչպէս անօթին գիտէ հացին արժէքը, այնպէս ալ անհայրենիքը՝ հայրենիքին: Ուրեմն, ինչո՞ւ հայրենաթողութիւն, գուցէ պատառ մը հացի՞ համար, որ անգտանելի կ’ըլլայ հայրենիքի մէջ ու բանաստեղծին պէս կ’ըսէ.-
Երջանկութի՜ւն, երբեմն պատառ մը հաց ես դուն:
Զ. Մելքոնեան
Վերջ ի վերջոյ, ապրի՛լն է կեանքին հրամայականը:
Չէ՞ որ մարմինը հացով կը սնանի, եւ ոչ թէ շռնդալից պատգամներով, խոստումներով հրապուրիչ եւ ոգեշնչող շքերթներով…
Այսքանը ցաւոտ ու վիրաւոր սրտով. Հուսկ՝ պիտի աւելցնեմ ԲԱՌ ՄԸ միայն բնաբանին վրայ:
«Բախտաւորութիւն է հայրենիքի մէջ ԿԱՐԵՆԱԼ ապրիլը»: