Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած է նամակ մը «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» ստորագրութեամբ, որ կը յաւակնի խօսիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Սփիւռքի շրջանակներու անունով ներառեալ Պէյրութի:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սոյն յայտարարութեամբ կ՛ուզէ միանգամընդմիշտ յստակացնել հետեւեալը.
- «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» անունով մարմին մը գոյութիւն չունի 95 ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կանոնագրութեան մէջ:
- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը ունի մէկ պաշտօնաթերթ, որն է «Զարթօնք»ը:
- Հայրենիքի մէջ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 4 Փետրուար 2017-ի հաղորդագրութեամբ յստակացուցած է իր կեցուածքը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Տոքթ. Յակոբ Փափազեան Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան
Ատենադպիր Ատենապետ
5 Փետրուար 2017