Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Մակերեսայնութիւնն Ալ Սահման Մը Ունի

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ընկերային համացանցի վրայ կարգ մը լիբանանցիներ մեծ աղմուկ հանեցին՝ բողոքելով Ֆարայա Մզար պանդոկի Ռէֆիւճ ճաշարանին մէջ ծոթրինով (զաաթար) հացի գինին համար: Ըստ հրապարակուածին այնտեղ հրամցուած ծոթրինով հացին գինն է 10,000 լիբանանեան ոսկի։ Այս երեւոյթին համար անարդարօրէն կ’այպանէ մինչեւ իսկ զբօսաշրջիկութեան նախարարութիւնը:

Գաւաթ մը ջուրի մէջ այսքան փոթորիկ հանողներուն մեծամասնութիւնը անշուշտ ո՛չ այցելած են տուեալ ճաշարանը, ոչ ալ այցելելու միտք ունին եւ որովհետեւ բամբասանքի վրայ տուրք չկայ, հասկցող չհասկցող սկսած է փիլիսոփայել այս նիւթին շուրջ:

Ազատ տնտեսութեամբ երկրի մը մէջ իմ կարծիքով վերոյիշեալ ճաշարանը ազատ է ուզած սակագինը դնելու՝ մինչեւ այն ատեն, որ ան յաճախորդը չի խաբեր կամ անակնկալի չի բերեր եւ իր հրամցուցածին սակագինը յստակօրէն նշած է իր ճաշացուցակին (menu) վրայ։ Յաճախորդը իր ազատ կամքով մուտք կը գործէ նշեալ ճաշարանը եւ իր կամքով կ’ապսպրէ կամ չ’ապսպրեր տուեալ ճաշատեսակը: Գանգատողները նաեւ ունին այլընտրանքը անշուշտ եւ ազատ են իրենց տան կամ պանդոկին կից գտնուող որեւէ փուռէ ծոթրինով հաց գնելու՝ տասնապատիկ նուազ գինով…:

Ցաւալին այն է, սակայն, որ նմանօրինակ աղմուկի մը չհանդիպեցայ տակաւին, երբ Լիբանանի մէջ, անցնող միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին, պենզինի սակագինի արագ աճ արձանագրուեցաւ՝ 19, 000 լ.ո. սահմաններէն բարձրանալով 24,000 լ.ո.։

Հիմա դուն ըսէ, սիրելի ընթերցող, ի բացակայութիւն փոխադրական միջոցի տարբերակին, ո՞ր մէկը մեր առօրեայ անձնական պիւտճէին կամ երկրի զբօսաշրջիկութեան վնաս կը հասցնէ՝ Ֆարայա Մզար Ինթէրքոնթինէնդալ Պանդոկի մէկ ճաշարանին սակագի՞նը, թէ մեր հանապազօրեայ «հացը» հանդիսացող վառելանիւթը…:

Մինչեւ ե՞րբ լիբանանցին պիտի մնայ այսքան մակերեսային եւ կեդրոնանայ բամբասանքի վրայ, փոխան՝ շինիչ եւ օգտակար քննադատութեան եւ իրաւ փոփոխութեան կամ բարեկարգումի…

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին