Յունուար 29-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաները հանդիպած են ՀՀ ԶՈՒ հրամանատար Արթուր Խաչատրեանի հետ, որ իրենց հանդիպումէն մէկ օր առաջ արժանացած էր Գարեգին Նժդեհ շքանշանին, ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն` հանդիպման ընթացքին, որ նուիրուած էր ՀՀ ԶՈՒ կազմաւորման 25-ամեակին, հրամանատարը պատմած է իր անցած մարտական ուղիէն եւ ստացած ռազմական կրթութենէն:
«Կարմիր տիպլոմով, ոսկէ մետալով աւարտած եմ Չինաստանի ռազմական ակադեմիան: 88 երկրի 500 ուսանողնորէ գերազանց յառաջադիմութիւն ունեցած են 7-ը, որոնցմէ մէկը ես եղած եմ: Համոզուած եմ, որ ով որ ալ ըլլար Հայաստանէն այնտեղ ուսանող` դարձեալ գերազանց յառաջադիմութիւն կ’րձանագրէր, քանի որ բոլորիս նպատակն ալ մեր երկրի դրօշը բարձր պահելն է: Աշխատած ենք, որ այնտեղ ուսանող օտարերկրացիները, որոնք մեր երկրին մասին բան չեն լսած` տեսնեն մեր դրօշը, հետաքրքրուին Հայաստանով, Հայոց պատմութեամբ»,- անդրադառնալով ուսումնառութեան` ըսած է առաջին կրթութեամբ իրաւաբան Արթուր Խաչատրեան:
Այնուհետեւ սաները հարց ու պատասխանով հետաքրքրուած են, թէ ինչ կը պակսի հայոց բանակին, ինչ մակարդակի վրայ է մարտական ոգին եւ, որպէս զինուորական, ինչ գնահատական կու տայ հրամանատարը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մեր զինուորներու գործողութիւններուն:
«Կային սպաներ, որոնք չէին պատկերացներ, որ այդ զինուորները նման սխրանքներ կը գործեն: Քիչերը կը պատկերացնէին, որ անոնց մէջ այնպիսի եռանդ, ոգի կայ, որմով կրցան ատոնց դէմը առնել: Անոնք ծնած են պատերազմէն յետոյ` մութ ու ցուրտ տարիներուն, սուղ պայմաններու մէջ մեծցած տղաներ են: Բայց ատիկա չէ ազդած անոնց մարտական ոգիին, տեսակին վրայ, եւ անոնք ամէն վայրկեան կրնան անգամ անձնազոհութեամբ պաշտպանել ազգը»,- ըսաւ հրամանարտարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Արթուր Խաչատրեանին հետաքրքիր հանդիպման համար` «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքել քահանայ Ամիրեան ըսած է․ «Մեր հայոց բանակին, սպաներուն ուժ, կարողութիւն, որ երբեք ու երբեք չյուսալքուին եւ իրենց քրիստոնէական հաւատքը բարձր պահելով առաջ երթան ու պահպանեն մեր հայրենիքը, որ ապացուցեցին ապրիլեան պատերազմին ժամանակ: Աղօթենք Աստուծոյ, որ մեր զինուորները ամուր պահէ եւ հայոց երկիրը, հայոց եկեղեցին, հայոց բանակը կանգուն մնան»:
Շնորհակալական խօսքէն ետք Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան «Հայորդաց տան» կողմէն Արթուր Խաչատրեանին նուիրեց Արցախի մասին պատմող գիրքեր: