Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուար 6-10, Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին, մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին 12 հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն աւելի քան 50 տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի:
Ցուցահանդէսին մասնակցութեան հիմնական նպատակն է՝ արտերկրեայ գնորդին ներկայացնել հայկական գինին եւ ընդլայնել սպառման շուկաները:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնուած տեղեկութիւններով՝ «Փրոտ Էքսփօ-2017» ցուցահանդէսը մէկ յարկի տակ կը հիւրընկալէ արտադրողները, խոշոր եւ մանրածախ գնորդները, վերամշակման համար անհրաժեշտ հումք եւ սարքեր արտադրողները, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ նոր գործարար կապեր հիմնելու, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու վերամշակման նորագոյն ճարտարագիտութիւններուն եւ համաշխարհային շուկաններու հիմնական միտումներուն: