Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

«Բախտաւորութի՛ւն Է Հայրենիքի Մէջ Ապրիլը». Ճորճ Բարսեղեան

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայրենադարձներու հաւաք» ձեռնարկին մասնակցող մեր հայրենակիցներէն շատերը, հաստատուելով Հայրենիքի մէջ,  կրցած են աշխատանք գտնել, յարմարիլ նոր միջավայրին, ձեռք բերել նոր ընկերներ, լիարժէքօրէն մասնակցիլ Հայրենիքի տնտեսութեան ու մշակութային կեանքի զարգացման աշխատանքներուն: Անոնցմէ մէկուն` սրտաբան Ճորճ Բարսեղեանի հետ,  զրոյց  ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար, որուն ընթացքին, այս  քանիերորդ անգամ ըլլալով, համոզուեցայ, որ աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ապրած ու կ’ապրին  Հայրենիքով, իսկ Հայրենիքի մէջ հաստատուելով` կը դառնան  անոր սիւներէն, կամարներէն մէկը:

-Պարո՛ն Բարսեղեան, ե՞րբ բռնած էք տունդարձի ճամբան:

-2012-ին եկած եմ` Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով: Ընտանիքիս հետ  եկած եմ` ես, տիկինս, երկու աղջիկներս. մեծ աղջիկս`  Նարէն, 17 տարեկան է, տակաւին դպրոց կը յաճախէ, կը պատրաստուի ընդունուիլ Կինոյի եւ թատրոնի ինստիտուտ, փոքր աղջիկս` Մեղրին, 14 տարեկան է: Հայրենիքի մէջ ենք, եւ ատիկա արդէն մեզի համար մեծ ձեռքբերում է: Ես աշխատանք ունիմ. իմ մասնագիտութեամբ  կ’աշխատիմ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ` որպէս սրտաբան:

-Հայաստանի մէջ ստացած էք բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն:

-Այո՛: 1984 թուականին ընդունուած եմ Հերացիի անուան բժշկական համալսարան, աւարտած եմ 1991-ին, որմէ յետոյ, մինչեւ 1996 թուական, մասնագիտացած եմ `որպէս բժիշկ- սրտաբան: Ուսումս աւարտելէ յետոյ մեկնեցայ Սուրիա, յանձնեցի քննութիւնները, բացի սեփական Clinic եւ աշխատանքի անցայ:

-Պարո՛ն Բարսեղեան, եթէ չըլլար սուրիական պատերազմը, օր մը Հայաստանի մէջ  պիտի հաստատուէի՞ք:

-Հայաստան գալու ծրագիր կար, անշու՛շտ.  նոյնիսկ  տարածք մը գնելու, տուն  կառուցելու, գնելու մտադրութիւն ունէի, սակայն սուրիական պատերազմը այս որոշումը  արագացուց: Եթէ Սուրիոյ խնդիրը չըլլար ալ, միեւնոյնն է, մենք պիտի տեղափոխուէինք Հայաստան, եւ ես դարձեալ այստեղ կ’ըլլայի` աւելի լաւ պայմաններով: Ես միշտ տրամադրուած եղած եմ` բռնելու տունդարձի ճամբան: Շատ գոհ եմ, ուրախ` մեր կայացուցած որոշման համար: Դամասկոսի իմ տունս,   բնական վիճակի մէջ է, միշտ ալ կրնամ երթալ ու գալ:

-Որպէս սուրիացի, աշխարհագրական այդ տարածքը տնօրինողներէն, բնակիչներէն մէկը, որպէս կրթուած մարդ` ի՞նչ կը կարծէք, սուրիական պատերազմը արդեօք վերջնականապէս աւարտա՞ծ է, թէ պարզապէս ժամանակաւոր, խաբուսիկ խաղաղութիւն է:

-Սկզբունքօրէն, պատերազմը որքան ալ երկար ըլլայ, այնուամենայնիւ, ժամանակաւոր է: Խաղաղութիւնն է, որ հիմնականն է, մնացեալը ժամանակաւոր է. հետեւաբար, փիլիսոփայական այս մտքերէն ելլելով, պատերազմը անպայման  վերջ ունի` կամ այսօր, կամ ալ `վաղը: Ես կը կարծեմ, որ խաղաղութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է Սուրիոյ մէջ եւ, ժամանակաւոր բնոյթ չի կրեր: Ուրիշ հարց է, որ սկսած  որեւէ պատերազմ կրնայ  աւարտիլ պահի եւ ժամի ճշգրտութեամբ,  բան մը, որ Սուրիոյ չի վերաբերիր. Սուրիոյ պատերազմի աւարտը պահի եւ ժամի ճշգրտութիւն չի կրնար ունենալ.  այդ մէկը մարող ալիքներու սկզբունքով  կրնայ ըլլալ, աստիճանաբար:

– Եւ իմ աւանդական հարցս` պարո՛ն  Ճորճ, ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը…

-Հայրենիքն այն է, ուր ինքզինքդ  հիւր չես զգար. սփիւռքահայուն համար Հայրենիքը միշտ ալ մեծ արժէք  եղած է, միշտ` եռաձայն, բայց կայ երկու տեսակի հայրենասիրութիւն` այն, որ դուն կ’ապրիս Հայրենիքի մէջ եւ այն, որ հեռուէն կը սիրես Հայրենիքդ: Իմ տեսակիս համար  ապրելու լաւագոյն վայրը` իր լաւով ու վատով, իր թերութիւններով ու արժանիքներով, սա՛ է, Հայաստա՛նն  է: Բախտաւորութիւ՛ն է Հայրենիքի մէջ ապրիլը:

-Շնորհակալութիւ՛ն յարգելի հայրենակից. շնորհակալութիւ՛ն  քու նուիրումիդ, քու ջերմ խօսքերուդ, քու անկեղծութեանդ համար: Ծննդավայրը կորսնցուցած,  կամ ալ՝  հեռուն ձգած  հայ մարդը, անոր սերունդները,  հարիւրաւոր տարիներ հոգեւոր ու նիւթական արժէքներ   ստեղծելով  այլոց  համար, շէնացնելով  օտարի հողը,  կը վերադառնան  ու պիտի վերադառնան Հայրենիք` միացեալ ուժերով հզօրացնելու Արարիչի նախաստեղծ լեռնաշխարհը:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին