Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Յունուար 31-ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նախարարութեան աշխատանքներուն եւ յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապին շահարկումը՝ ազրպէյճանական ներքին դրդապատճառներուն համար, վտանգաւոր է եւ անընդունելի:
«Ակնյայտ է, թէ ով հրաժարած է Կազանէն, ով հրաժարած է Սոչիէն, անկէ առաջ՝ Մոսկուայէն, անկէ առաջ՝ Աստրախանէն եւ այլն: Կամ ո՞վ կ’անտեսէ եռանախագահներու 5 յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման: Ազրպէյճա՛նը: Ասոնք փաստեր են, որոնք ինքնին խօսուն են: Ներքին դրդապատճառներով Ղարաբաղի հիմնախնդրի շահարկումը վտանգաւոր է եւ անընդունելի»,- ըսած է նախարար Նալպանտեան։
Անդրադառնալով այն հարցումին, որ եթէ Ազրպէյճան իր պայմանները չկատարէ, Հայաստան պիտի շարունակէ՞ մասնակցիլ բանակցութիւններուն եւ երկխօսութիւնը տագնապի լուծման գծով՝ նախարար Նալպանտեան պատասխանած է. «Իրենք իրենց սուտերուն մէջ այնքան խճճուած են, որ չեն գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է դուրս գան անկէ: Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան կը խոչընդոտէ, կը հրաժարի համաձայնութիւններու կատարումէն, յայտարարութիւններէն, հանդիպումներէն, բայց բանակցութիւններուն այլընտրանք չկայ: Հայաստանը, եռանախագահներուն հետ միասին կը շարունակէ ջանքերը ուղղուած հանգուցալուծման այնպիսի տարբերակի ամրապնդման, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները, անվտանգութիւնը: Այս է պատճառը, որ ի հարկէ, պէտք է շարունակել բանակցութիւնները»:
Ի՞նչ փուլի մէջ են ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, զորս ազրպէյճանական կողմը կը մերժէ կեանքի կոչել լրագրողի հարցումին ի պատասխան, նախարարը ըսած է,- «Ազրպէյճանը կ’ընէ այն, ինչ կ’ընէ բազմիցս՝ կը փորձէ խոչընդոտել Հայաստանի եւ եռանախագահներու կողմէն գործադրուող ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման: Ազրպէյճանը հարցականի տակ դրաւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, աղաւաղեց զանոնք այն աստիճան, որ եռանախագահները զայն կոչեցին այլասերում: Եռանախագահները ստիպուած են կրկին ու կրկին կրկնել, որ պէտք է անխտիր պահպանուի հրադադարը, անյապաղ իրականացուին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: Այս է գլխաւոր ուղղութիւնը, որմով կ’ուղղորդուին Հայաստանն ու եռանախագահները: Ասոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելուն»:
Նախարար Նալպանտեան դիտել տուած է, որ Դեկտեմբեր 2016-ի դրութեամբ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 168 պետութեան հետ: Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած են 110 դեսպան, 26 միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, 1 գլխաւոր եւ 34 պատուաւոր հիւպատոս:
2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ արտերկրի մէջ Հայաստան ունի հաւատարմագրուած 42 դեսպան եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, որոնք համատեղութեան կարգով հաւատարմագրուած են ընդհանուր առմամբ 95 երկիրներու մէջ:
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչներ նշանակուած են 23 միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:
Արտերկրի մէջ կը գործեն Հայաստանի 8 գլխաւոր հիւպատոսութիւն, 1 հիւպատոսական կէտ եւ 36 պատուաւոր հիւպատոս: Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է նաեւ Նիճերիոյ Հանրապետութեան հետ: