Իրան անընդունելի կը համարէ ուժի կիրառմամբ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծումը,-իրանի Պաշտպանութեան տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան վարչութեան փոխանցմամբ` երէկ առաւօտեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ԻԻՀ պաշտպանութեան եւ ԶՈՒ աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանը:
Իրանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հայ-իրանական զարգացող յարաբերութիւններու առընչութեամբ, ըսած է. «Իրան, ունենալով 15 հարեւան, միշտ կը ձգտի իր հարեւաններուն հետ բարի դրացիական եւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ հաստատել»,- կը տեղեկացնէ panorama.am-ը:
Հոսէյն Տեհղան, անդրադառնալով տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն, մասնաւորապէս ըսած է. «Տարածաշրջանային խնդիրներու լուծումը ուժի կիրառմամբ անընդունելի է: Անոնց լուծումը բացառապէս պէտք է տեղի ունենայ խաղաղ ճանապարհով` բանակցութիւններու միջոցով, եւ Իրանը այդ գործընթացին աջակցելու համար ոչ մէկ ջանք կը խնայէ»:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ Իրանի ունեցած դերակատարութիւնը, վստահեցուցած է, որ Հայաստան պատրաստակամ է Իրանի հետ ընդլայնել իր համագործակցութիւնը եւ բարձրացնել երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակը: Հայաստան կը ցանկայ Իրանի հետ պաշտպանական ոլորտին մէջ ընդլայնել համագործակցութիւնը, համոզուած ենք, որ այցը պիտի նպաստէ յետագայ համագործակցութեան»:
Վիգէն Սարգսեան, ողջունելով Իրանի դերակատարութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործին, համոզուած է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։