*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Պրն. Վաչէ Սեմերճեանը Մելգոնեանի խոնարհագոյն երեք դասարաններուն գիտութեան ուսուցիչն էր։
Օր մը, գիտութեան պահերէն մէկուն, «ադոմ»-ի բաղադրամասերու դասին ժամանակ, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, ձեռքս շատ զօրաւոր կերպով գրասեղանիս զարկի եւ … ադոմական ռումբի պայթումը տեղի ունեցաւ։ Երբ Պրն. Սեմերճեանը հարցուց որ ի՞նչ ըրի, «պարոն, ըսի, ադոմներէն մէկը պայթեցաւ»։ Եթէ ուրիշ ուսուցիչ մը եղած ըլլար, վստահաբար պիտի պատժէր, բայց Պրն. Սեմերճեանը ժպտաց եւ «ուշադիր եղիր ուրիշ անգամ, կրնաս դուն ալ հետը պայթիլ»,- ըսաւ։
Ինչպէ՞ս չյարգես նման ուսուցիչ մը։
Շատ հանդարտ բնաւորութիւն ունէր Պրն. Սեմերճեանը։ Անմեղ ժպիտը անպակաս էր իր դէմքէն։ Ազատ ժամերուն, եթէ քաղաք չէր գացած կամ եթէ ուսուցչարանին մէջ Պրն. Մավեանին հետ ազգային հարցերը չէր լուծեր, մեր քովն էր, աշակերտներուս հետ, մեր մտահոգութիւններուն բաժնեկից, միշտ բարի խրատ տուողի դիրքին մէջ։
8-րդ դասարանի մեր դաստիարակն էր։ Ուսուցչական պարտականութիւններէն դուրս, շատ լուրջի առած էր իր դաստիարակի պաշտօնը։ Հաւանաբար «պաշտօն» բառը ճիշդ չէ հոս։ «Պաշտօն»դ կը կատարես եւ տուն կ՚երթաս, ամէն բան մոռցած։ Սեմերճեանը կը գիտակցէր, որ այս տղաքը իրենց տուներէն հեռու են, եւ հետեւաբար պէտք ունին հայրական ուշադրութեան։ Բայց ինք շատ երիտասարդ ըլլալուն, «հայր» չէր կրնար ըլլալ մեզի, բայց շատ լաւ՝ «մեծ եղբայր»։ Եւ հոս էր, որ մենք շատ շահաւոր էինք։ Հարազատ մեծ եղբօր մը նման կը խրատէր, կ՚օգնէր մեզի եւ մեր ամենափոքր դժուարութիւնն անգամ իր ուշադրութենէն չէր վրիպեր։
Կիրակի կէսօրէ ետքերը բաւական ձանձրացուցիչ կ՚ըլլային մեզի համար։ Մարզական խաղեր չկային (առաւօտուն խաղցած էինք), կրնայինք գիրք կարդալ, բայց, Կիրակի օրով գի՞րք կարդալ… տրամադրութիւն չէր ըլլար։ Կրնայինք տունը նամակ գրել, բայց այդ կը պահէինք սերտողութեան պահերուն։ Ընդհանրապէս մանչերս շէնքին ետեւը «տանիք» կը խաղայինք, կամ «պատ»։ Յետո՞յ։ Առաւօտեան խաղերու ժամանակ, երբ Սեմերճեանը դաշտ գար խաղը դիտելու, երկու-երեք տղոցմով քովը կ’երթայինք եւ «պարոն, մեզի սինեմա կրնա՞ք տանիլ այսօր»։ Կը ժպտար եւ «լաւ ֆիլմ կա՞յ»,- կը հարցնէր։ Անշուշտ շատ լաւ ֆիլմեր կային քաղաքի սինեմաներուն մէջ։ Մեզի համար որեւէ ֆիլմ այդ օրերուն «շատ լաւ» էր, կարեւորը դպրոցէն դուրս ելլելն էր։ Եւ արդէն՝ այդ կէսօրէն վերջը սինամա կ’երթայինք։ Անշուշտ աղջիկներուն ընկերակցութիւնը միշտ շատ փափաքելի կ’ըլլար։ Պարզապէս աղջիկներուն մօտ ըլլալը հաճոյք էր մեզի համար։
Ուրիշ Կիրակիներ մեզ Աթալասայի անտառները պտոյտի կը տանէր, քալելով։ Իրողութեան մէջ, Մելգոնեանէն 30 վայրկեան քալելով կը հասնէինք Աթալասա, ուր քանի մը հարիւր ծառեր կային։ Կարելի էր պուրակ կոչել այդ ծառախումբերը, բայց մենք անտառ կ՚անուանէինք։ Խումբով, Լիմասոլ տանող ճամբուն եզերքէն քալելով կ՚երթայինք։ «Քայլարշաւ»-ին սկիզբը՝ աղջիկները առջեւէն, տղաքն ալ ետեւէն քալելով ճամբայ կ՚ելլէինք, բայց կամաց-կամաց խումբը կը խառնուէր եւ երկսեռ առաջ կ՚երթայինք։ Բուն զոյգերը ետեւ կը մնային։ Առաւելութիւնը այն էր որ կրնայիր երբեմն-երբեմն «մարդուդ» ձեռքը բռնել եւ արիւնդ եռար մէջդ… (այս օրերուն պատանիներուն արիւնը եռացնելու համար ուրիշ շատ բաներու կարիք կայ)։ Սեմերճեանը գիտէր այդ եւ անոր համար, բարի հովիւի նման առջեւէն կը քալէր ինք, քանի մը «մտաւորական» տղոց հետ, որոնք տակաւին «մարդ» կարգադրած չէին։
Յաճախ պատահած է, որ Կիրակի կէսօրէ ետք, մանաւանդ, երբ անձրեւոտ ըլլար օդը, Սեմերճեանը մանչերու շէնքը կու գար եւ մեզի հետ դասարանի մը մէջ «անուշ – անուշ» կը խօսէր։ Մեր գանգատները կը լսէր, իրեն յատուկ ոճով կը մեղմէր կամ «այս ալ գանգատ է մը ծօ» կ՚ըսէր եւ կը խնդայինք։ Եթէ իրեն դասի մասին հարցում հարցնէինք Կիրակի կէսօրէ ետք, «հիմա ո՞վ դաս ընել կ՚ուզէ ծօ, Կիրակի է, հանգիստ ըրէ»,- ըսելով շուրջիններն ալ կ՚ուրախացնէր։ Բայց, երբ «ընկերային» մասը վերջանար. «Դուն հարցու՞մ ունէիր» կ՚ըսէր եւ ինչով որ պէտք էր, կ՚օգնէր այդ տղուն։
Բացի սինեմաներէն եւ Աթալասայի պտոյտներէն Կաղանդի թէ Զատկուան, արձակուրդներուն եւ այլապէս, դասարանային պտոյտներու կը տանէր մեզ դէպի Կիպրոսի տեսարժան վայրերը։ Թրոտոսի լեռները սկսած էին մեզ շատ լաւ ճանչնալ։ Քայրինիայի բերդը, Պէնտէ Տաքթիլոն, Պուֆավէնթոն, Մակարա Վանքը եւ այլ վայրերը միշտ մեզ կը կանչէին։ Միւս դասարաններու աշակերտները կը նախանձէին, բայց ի՞նչ ընենք, մարդը մեր դաստիարակն էր եւ միայն մեզ պտոյտի կը տանէր։
1962-ին, ես որպէս 8-րդ դասարանի աշակերտ, պիտի մասնակցէի արտասանական մրցանքին։ Բայց, քանի որ մասնակիցներուն թիւը շատ մեծ կ՚ըլլար, զտումը տեղի կ՚ունենար մրցանքէն շաբաթ մը առաջ։ Երբ զտուելու կարգս եկաւ, մտայ հերթապահին սենեակը։ Սեմերճեանը եւ ուրիշ երիտասարդ, բարակ պեխերով մարդ մը, նստած էին սեղանին միւս կողմը։ Սեմերճեանը զինք ներկայացուց որպէս Էտմոն Կոտալազեան, Եգիպտոսի «Արեւ» Շաբաթաթերթի խմբագիրը։ Կարծեմ գէշ չարտասանեցի։ Ինծի առիթը տրուեցաւ մրցումին մասնակցելու։ Ես անպայման կ՚ուզէի առաջնութիւնը շահիլ։ Այդպէս ալ եղաւ, միայն ետեւի կողմէն հաշուելով … ։
Մելգոնեանի մէջ կանաչ աչքերով այս շատ համակրելի, երիտասարդ ուսուցիչին սիրահարուած էին քանի մը ուսուցչուհիներ եւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտուհիներ։ Մենք՝ այդ շատ լաւ կը նկատէինք, բայց Սեմերճեանը շատ լաւ գիտէր ինքզինք զսպել եւ իր հեռաւորութիւնը պահել այդ «գեղուհի»ներէն։ Տղաքս շատ կը գնահատէինք Սեմերճեանին նկարագիրին այս մաքուր գիծը։ Տարիներ ետք, լսեցինք որ Սօսի Օգնայեան անունով գեղեցիկ մելգոնեանցի աղջիկ մը ընտրած է որպէս կեանքի ընկեր … ։
Սեմերճեանի գիտութեան պահերը միայն գիտութեան դասի պահեր չէին։ Ան այդ պահերը կը գործածէր մեզի անուղղակիօրէն ազգային դաստիարակութիւն, ազգային հպարտութիւն ջամբելու։ Գիտութեան պահերը շատ լաւ առիթներ էին իրեն համար մեզի խօսելու Հայաստանի գիտութեան զարգացումներուն եւ մակարդակին մասին։ Հայ գիտնականներու անունները կը տողանցէին մեր առջեւէն։ Անունները հիմա մոռցած կրնանք ըլլալ, բայց այդ օրերուն մեր զգացած հպարտութիւնը մեզի օգնեց քիչ մը աւելի լաւ հայեր ըլլալու։ Իր պահերուն, նիշը կարեւոր չէր մեզի համար։ Ինքն ալ շատ կարեւորութիւն չէր տար նիշերուն, կարեւորը՝ բան մը սորվիլն էր։ Եւ քանի որ զինք շատ կը յարգէինք, ուրեմն իր դասը լաւ կը պատրաստէինք որ յանկարծ չնեղուի։ Չէինք ուզեր զինք նեղացնել ։ Վերջապէս մեր շատ լաւ ուսուցիչը ըլլալէն անդին, մեր շատ լաւ «մեծ եղբայր»-ն ալ էր։ Եթէ աշակերտ մը որեւէ պատճառով գրաւոր քննութեան մը ցած նիշ ստանար, առիթ կու տար այդ աշակերտին զանազան ձեւերով իր նիշը բարելաւելու։ Իր նպատակը մեզի սորվեցնելն էր, ոչ թէ նիշ մը տալը։ Շատ ուսուցիչներ իրենց «խիստ» եւ «լուրջ» ըլլալը փաստելու համար՝ շատ ժլատ կ՚ըլլան նիշ տալու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Նի՞շն է կարեւորը թէ ստացած գիտութիւնդ ու փորձառութիւնդ։
Տարիներ ետք, 1981-ին, Սեմերճեանին հանդիպեցայ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Շինութեան Յանձնախումբին մէջն էր երբ ես տնօրէն նշանակուեցայ։ Ան Տիգրանեան Վարժարանէն ներս իր ծառայութիւնները շարունակեց որպէս Կրթական Յանձնախումբի անդամ։ Կրնամ վկայել, որ իր իմաստուն գաղափարներով ինծի շատ օգտակար եղած է մանաւանդ սկզբնական անփորձ տարիներուս։ Միշտ պատրաստ էր օգնելու ինծի։ 1980-ական թուականներու սկիզբը, երբ «Նոր Օր»-ի խմբագրատունը Պէվըրլի Պողոտայի վրայ էր, յաճախ Շաբաթ օրերը մինջեւ կէսօր խմբագրատուն կ՚ըլլայինք թերթին յաջորդ թիւը պատրաստելու։
1990-ական թուականներուն, Տիգրանեան Վարժարանի միջնակարգի մեր աշակերտները առանձնաշնորհումը ունեցան Սեմերճեանը ունենալու որպէս իրենց հայագիտական նիւթերու ուսուցիչը։ Քանի մը սերունդներ իրմով լիցքաւորուեցան եւ մելգոնեանցիներուս նման հպարտացան ոչ միայն հայութեամբ, այլ նաեւ Պրն. Վաչէ Սեմերճեանի նման սքանչելի ուսուցիչ մը ունեցած ըլլալու իրողութեամբ։
Շնորհակալութիւն, եւ վարձքդ կատար սիրելի ուսուցիչ։
Լոս Անճելըս