Իրանի պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանի հրաւէրով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն,- կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով ԻԻՀ ՊՆ պաշտօնական կայքը:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան վարչութեան հաղորդմամբ` պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Թեհրանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ինչպէս իր պաշտօնակիցին, այնպէս ալ Իրանի քաղաքական եւ անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, որոնց հետ պիտի քննարկէ երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն առընչուող հարցեր:






