Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 1915 թուականին տեղի ունեցած դէպքերը ուսումնասիրելու համար համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու կոչ ըրած է Հայաստանին:
Ըստ թրքական «Gazetevatan» լրատուամիջոցին` լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին թուրք նախարարը ողջունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը բեկանելու մասին Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանի ընդունած որոշումը: Բացի այդ, Չաւուշօղլու գոհունակութեամբ ընդունած է այն փաստը, որ Դանիոյ խորհրդարանին կողմէ 1915-ի վերաբերեալ ընդունած բանաձեւին մէջ չէ կիրառուած ցեղասպանութիւն եզրոյթը:
Հայաստանին ուղղուած կոչին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մասնաւորապէս կ՛ըսէ. «Մենք միշտ Հայաստանին կ՛ըսենք, որ եթէ կը հաւատաք դուք ձեզի, ապա եկէք համատեղ յանձնաժողով ստեղծենք: Այլ երկիրներէ ալ գիտնականներ թող մասնակցին: Բոլոր արխիւները թող բանան, ատկէ ետք մենք կ’ընդունիք ի յայտ եկած որեւէ արդիւնք: Սակայն մինչեւ այսօր Հայաստան չ՛ընդունիր: Ինչո՞ւ: Իրենք ալ գիտեն, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած, բայց արտասահմանեան լոպպիստական ուժերու հետ կը շարունակեն համագործակցիլ Թուրքիայի դէմ»,- կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Չաւուշօղլու, շարունակելով առաջ քաշել անհեթեթ պնդումներ, նոյնիսկ յայտարարած է, որ հայկական սփիւռքը կը համագործակցի կիւլէնական համայնքին հետ, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛որակուի իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:






