ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ՝ Յունուար 28-ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Պետական գոյքի կառավարման եւ օտարման գործընթացին վերաբերեալ՝ ՀՀ ԿԱ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան զեկուցած է, որ վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ բոլոր գերատեսչութիւններու հետ համատեղ մշակուած է մասնաւորեցման նոր ծրագիր, որ արդէն ուղարկուած է կառավարութիւն եւ վերջնական քննարկումէն ետք պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով:
Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է Պետական գոյքի վարչութեան պետին արագ աւարտին հասցնելու աշխատանքները եւ պատրաստելու ամբողջ փաթեթը` ընդգծելով.
«Պէտք է յստակ ձեւակերպենք` ինչը պէտք է ըլլայ ոչ պետական: Մենք շատ գոյք ունինք, ուր տնօրէնը տարուէ տարի վատ թիւեր կը բերէ, ո՛չ տնօրէն կը հանենք, ո՛չ ալ որոշ քայլեր կը կատարենք»,- ըսած է վարչապետը` նշելով, որ պէտք է կասեցնել պետական այն կառավարիչներուն գործունէութիւնը, որոնք արդիւնաւէտ չեն աշխատիր:






